Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը Կարճատեւ Խօսակցութիւն Ունեցած են Տուշանպէի Մէջ

Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը Կարճատեւ Խօսակցութիւն Ունեցած են Տուշանպէի Մէջ

by MassisPost

Ամփոփելով անցած երկու օրերու ընթացքին արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի ու Էլմար Մամետեարովի հետ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակէն ներս կայացած առանձին եւ համատեղ հանդիպումները՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդները յայտարարութիւն տարածած են, ուր խոր մտահոգութիւն յայտնած են մահուան շարունակուող դէպքերու կապակցութեամբ եւ կոչ ըրած են կողմերուն՝ խուսափիլ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն:

Մինսքի խումբի ամերիկացի, ռուսաստանցի եւ ֆրանսացի համանախագահները յայտարարած են բանակցային գործընթացը աշխուժացնելու եւ լարուածութեան նուազեցմանն ուղղուած քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին, տեղեկացնելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնած են մինչեւ տարեվերջ կրկին հանդիպիլ:

Այդ պիտի ըլլայ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի երրորդ դէմ առ դէմ հանդիպումը՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք, մինչդեռ երկրի առաջնորդներ՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման մասին առայժմ յստակ պայմանաւորուածութիւններ չկան:

Նախօրէին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտոնապէս յայտարարած էր, թէ անոր համար անհրաժեշտ են նախադրեալներ: «Հանդիպումը չպէտք է ինքնանպատակ լինի, այն պէտք է բովանդակութիւն ունենայ, պէտք է ձեռք բերուեն պայմանաւորուածութիւններ, օրինակ՝ կարգաւորման սկզբունքների վերաբերեալ: Մենք ունենք տասնամեակների դառը փորձ՝ ինչպէս ենք պայմանաւորուում, յետոյ Ատրպէյճանը յետ է կանգնում», – ըսած էր Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը՝ յիշեցնելով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւս օրերս ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ժամանակ ունեցած իր ելոյթին մէջ ընդգծած էր՝ Ատրպէյճանը պէտք է իրագործէ անցեալին ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները:

Այս պահի դրութեամբ թէ՛ պաշտօնական Պաքուն, թէ՛ Երեւանը կը փաստեն, որ առաջնորդներու դէմ առ դէմ հանդիպման համաձայնութիւն չկայ: Մինչ այդ, կը հաղորդուի, որ Իլհամ Ալիեւն ու Նիկոլ Փաշինեանը կարճատեւ խօսակցութիւն ունեցած են Տուշանպէի մէջ՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս: Այդ մասին ֆէսյպուքեան իր էջին գրառում ըրած է նաեւ վարչապետ Փաշինյանը՝ խոստանալով մանրամասները ներկայացնել Երեւան վերադառնալէն ետք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment