Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մամուլի մէջ Հրապարակուած է ՀՀ Դիւանագիտական Անձնագրերէն Զրկուած Անձանց 254-Հոգինոց Ցանկը

Մամուլի մէջ Հրապարակուած է ՀՀ Դիւանագիտական Անձնագրերէն Զրկուած Անձանց 254-Հոգինոց Ցանկը

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը չի հերքեր, որ լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած՝ Հայաստանի դիւանագիտական անձնագրերէն զրկուած անձանց ցանկը կը համապատասխանէ իրականութեան:

Աղմկայարոյց ցանկին մէջ կան հանրապետութեան երկրորդ ու երրորդ նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի ոչ միայն զաւակներուն, հարսերուն, թոռնիկներուն, այլեւ անգամ՝ խնամիներուն անուն-ազգանունները:

«Ազատութեան» հարցին՝ կը հաստատէ՞ , թէ՞  կը հերքէ ցանկի իսկութիւնը, Տիգրան Բալայեանը միայն պատասխանած է․ – «Ցանկի վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չեմ տար»:

Երկու օր առաջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  խօսնակը տեղեկացուցած է՝ չեղարկուած են 254 հոգիի դիւանագիտական անձնագրեր, իսկ 100-էն աւելի դիւանագիտական անձնագրեր վերադարձուած են այն անձանց կողմէն, որոնք այլեւս իրաւունք չունին դիւանագիտական անձնագրեր կրելու:

254-հոգինոց ցանկին մէջ կարելի է գտնել նախկին բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, անոնց կիներուն անուն-ազգանունները:

«Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի համաձայն, դիւանագիտական անձնագրեր կրնան կրել դիւանագէտները: Այն կրնայ տրուիլ նաեւ Հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին, Սահմանադրական դատարանի նախագահին եւ անոնս ընտանիքներու անդամներուն, Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահին, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Սահմանադրական դատարանի դատաւորներուն, կառավարութեան անդամներուն, Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն, պետական այլ կառոյցներու ղեկավարներուն, որոնք նշուած են այդ օրէնքին մէջ: Դիւանագիտական անձնագրեր կրնան տրուիլ նաեւ առանձին անձանց՝ վարչապետի թոյլտուութեամբ:

Ըստ նոյն օրէնքի, դիւանագիտական անձնագրի վաւերականութեան ժամկէտը հինգ տարի է, պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք համապատասխան պաշտօնատար անձինք իրենց դիւանագիտական անձնագիրը կը յանձնեն Արտաքին գործոց նախարարութիւն, իսկ չյանձնուած, ինչպէս նաեւ կորսուած դիւանագիտական անձնագրերը արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ անվաւեր:

Օրէնքը, փաստօրէն, կ’արգելէ պաշտօնաթող անձանց եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն, ներառեալ՝ նախկին նախագահներու ընտանիքներու անդամներուն ունենալ դիւանագիտական անձնագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment