Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբ. Համապարփակ Կարգաւորումը Բոլոր Կողմերէն Փոխզիջումներ կը Պահանջէ

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբ. Համապարփակ Կարգաւորումը Բոլոր Կողմերէն Փոխզիջումներ կը Պահանջէ

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ստեֆան Վիսքոնթին եւ Էնտրիւ Շոֆերը 25-էն 27 սեպտեմբերը ՄԱԿ-ի գլխաւոր ասամպլէայի շրջագիծէն ներս առանձին եւ համատեղ  Հայաստանի ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումներէն ետք հանդէս եկած են յայտարարութեամբ։

ԵԱՀԿ կայքին մէջ ըսուած է, որ համանախագահներու հետ հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիքը։ Անոնք նաեւ հանդիպած են ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարի, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ իտալական նախագահութեան ներկայացուցիչի հետ:

Նախարարները շարունակած են բանակցութիւնները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ:

Համանախագահները եւ նախարարները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը եւ պարզաբանումներ ստացած վերջին շրջանին հնչած անհանգստացնող յայտարարութիւններու ու միջադէպերու առնչութեամբ։

Համանախագահները խոր ափսոսանք յայտնած են շարունակուող ու անհարկի զոհերու կապակցութեամբ: Անոնք նախարարներուն զգուշացուցած են լարուածութեան վտանգներուն մասին, կողմերուն կոչ ըրած են կառուցողական կերպով ներգրաւուիլ դրական մթնոլորտի մէջ եւ խուսափիլ բորբոքող հռետորաբանութենէն։

Համանախագահներն ընդգծած են, որ համապարփակ կարգաւորումը կը պահանջէ բոլոր կողմերու փոխզիջումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment