Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Սպառնալիքներ կը Հնչեցնէ Ղարաբաղի մէջ Զօրափորձերու Կապակցութեամբ

Ատրպէյճանը Սպառնալիքներ կը Հնչեցնէ Ղարաբաղի մէջ Զօրափորձերու Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանը «լարուածութեան աճին ուղղուած սադրանք» անուանած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զօրավարժութիւններ իրականացնելու հայկական ուժերու նախաձեռնութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի ստորաբաժանումները 25-էն 28 Սեպտեմբերը զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնեն: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն այդ կապակցութեամբ յայտարարութիւն տարածած է, որուն համաձայն, «թշնամիի օդուժը պիտի ոչնչացուի, եթէ փորձէ մօտենալ ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն»:

Նախարարութեան փոխանցմամբ, «հնարաւոր կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը պիտի կրէ»:

Արեւմտեան լրատուական գործակալութիւնները վկայակոչած են ղարաբաղեան ուժերու հրամանատարներուն, որոնք ըսած են, որ «Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէն վտանգի պարագային առանց վարանելու պատասխան պիտի տան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment