Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 24 Սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ  Կութերեսի հետ: Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ սերտ եւ ամուր համագործակցութիւնը` ՄԱԿ-ի հռչակած արժէքներու  պաշտպանութեան եւ ամրապնդման գործին մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը կը նպաստէ մեր երկրի տարբեր ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ յոյս յայտնած, որ այդ ծրագիրները ո՛չ միայն կրեն շարունակական բնոյթ, այլեւ ստանան նոր ազդակներ: Վարչապետը նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է ՄԱԿ-ի ու անոր կառոյցներու  աշխատանքներուն մէջ եւ աւելցուցած, որ ՄԱԿ-ի թիրախային հետագայ  աջակցութիւնը Հայաստանին պիտի խթանէ եւ ամրապնդէ Հայաստանի զարգացման ներուժը:

Անթոնիօ Կութերես համոզում յայտնած է, որ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի եւ զարգանայ: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու հոլովոյթը փայլուն օրինակ է եւ յոյս յայտնած, որ մեր երկիրը կ՛ընթանայ վերընթաց զարգացման ճամբով` իրականացնելով նորանոր բարեփոխումներ տարբեր ուղղութիւններով:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու շուրջ եւ կարեւոր նկատած այնպիսի բարեփոխումներու իրականացումը, որոնք նոյնիսկ թեքնիք առումով կը բացառեն ընտրախախտումներու  հաւանականութիւնները: Այդ ծիրէն ներս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է ՄԱԿ-ի կողմէ թեքնիք աջակցութեան շարունակական անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ընդհանուր քարտուղարին` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  խաղաղ լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի ջանքերուն լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Նշենք, որ Նիւ Եորքի մէջ հայ համայնքին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ խնդրած էր այս ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի օգտին քուէարկելով` քուէարկել նաեւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու օգտին կամ անոնց դէմ: Ան ըսած էր, թէ մտադիր է յառաջիկային  բանակցութիւններ կատարել խորհրդարանական եւ ոչ խորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ` քննարկելու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակացոյցն ու պայմանները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment