Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԻԵԴ-ը Հրապարակած է «Մարտի 1»-ի Գործերով Առաջին Վճիռները․ Խախտուած են Սաղաթելեանի, Գասպարիի Իրաւունքները

ՄԻԵԴ-ը Հրապարակած է «Մարտի 1»-ի Գործերով Առաջին Վճիռները․ Խախտուած են Սաղաթելեանի, Գասպարիի Իրաւունքները

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) վճիռ հրապարակեր է 2008 թուականի Մարտի 1-ի առաւօտեան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ ցուցարարներէն մէկուն՝ Մուշեղ Սաղաթելեանի նկատմամբ ուժի գործադրման, յետագային անոր՝ ոստիկաններուն դիմադրութիւն ցուցաբերելու մեղադրանքով դատապարտման կապակցութեամբ։

Հրապարակուած վճռին մէջ նշուած է, որ Սաղաթելեանի գործով խախտուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական պայմանագրի շարք մը յօդուածներ, այդ շարքին՝ խոշտանգումներէն զերծ մնալու, անձնական ազատութեան անձեռնմխելիութեան, արդարացի դատաքննութեան եւ ժողովներու ու միաւորումներու ազատութեան իրաւունքները։

Եւրոդատարանը պարտաւորեցուցած է Հայաստանի կառավարութեան 15 հազար 600 եուրօ վճարել տուժողին բարոյական վնասի, ինչպէս նաեւ 5 հազար եուրօ՝ դատական ծախսերու համար:

Մուշեղ Սաղաթելեանի վճռէն զատ, Եւրոպական դատարանը հրապարակած է նաեւ աքթիւիսթ Վարդգէս Գասպարիի բողոքի վերաբերեալ վճիռը։ Ըստ այդմ, Սթրասպուրկի դատարանը գտեր է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է խոշտանգումներէն զերծ մնալու եւ ազատութեան ու անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքները։ Եւրոդատարանը պարտաւորեցուցած է Հայաստանի կառավարութեան 4 հազար եուրօ վճարել տուժողին բարոյական վնասի համար:

Գասպարին ձերբակալուած էր 2008-ի Մարտի 1-ին, ան կը մեղադրուէր իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment