24 Յուլիսին հայ-թրքական սահմանը հատած 16-ամեայ Ումութ Ալի Օզմէնի հայրը տղուն վերադարձնելու խնդրանքով դիմեր է Հայաստանի կառավարութեան եւ վարչապետին: Հանրային Հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Ումութ Ալի Օզմէնի հայրը՝ Մուսթաֆան, նշեր է, որ տղան պատահաբար հատած է սահմանը:
«Տղաս սահմանը հատելու մտադրութիւն չէ ունեցած: Այստեղ ընկերներ չունի, որովհետեւ միշտ դաշտերն ենք, մօր հետ անասունները կ’արածեցնէր, իսկ այդ տարածքին մէջ սահմանը բաժնող որեւէ գիծ չկայ: Ինքն ալ չէ հասկցած, որ Հայաստանի սահմանն անցեր է: Իրեն հետաքրքիր էր, թէ քիչ մը հեռուն ինչ կայ, եւ քալելով բարձրացեր է բլուրը վերէն նայելու համար», ըսեր է Մուսթաֆան:
24 Յուլիսին Հայաստանի մէջ յայտնուած 16-ամեայ թուրք հովիւը ձերբակալած են ռուս սահմանապահները: Ումութ Օզմէնը մինչ օրս Հայաստան կը գտնուի:
Թուրք գիւղացին տղուն վերադարձնելու խնդրանքով դիմած է Հայաստանի կառավարութեան:
17 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր «Վերադարձ» հիմնադրամի նախագահ Արագած Ախոյեանը անչափահասներու քրէակատարողական հիմնարկէն ներս հանդիպեր է 16-ամեայ տղուն: Ախոյեանը հերքեր է թրքական մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերը, թէ Օզմէնի պահման պայմանները անբաւարար են:
«Երեխայ է, ով պատահականութեամբ սահմանը խախտել էր: Հանդիպեցի նրան, տեղի ունեցաւ խօսակցութիւն, ջերմութիւն զգաց, զանգահարել էր ծնողներին ասել էր, որ իր մօտ ամէն ինչ լաւ է», ըսած է Արագած Ախոյեանը:
Արագած Ախոյեանը տեղեկացուցած է, որ խօսած է համապատասխան պաշտօնեաներուն հետ տղու ճակատագրի հարցով: