Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւնները Պիտի Դիտարկեն Աւելի Քան 500 Հայաստանցի Դիտորդներ

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւնները Պիտի Դիտարկեն Աւելի Քան 500 Հայաստանցի Դիտորդներ

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի՝ 23 Սեպտեմբերին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի հետեւին աւելի քան 500 դիտորդներ՝ տեղական 8 կազմակերպութիւններէ: Այդ կազմակերպութիւններէն մի քանին, որոնք դիտորդական լուրջ փորձառութիւն ունին, միաւորուած են 2 նախաձեռնութիւններու՝ «Անկախ դիտորդ» եւ «Ականատես»։

«Անկախ դիտորդ» նախաձեռնութիւնը ներկայացնող իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցի խօսքով՝ գործընկերներու հետ պայմանաւորուած են այնպէս աշխատիլ, որ կարենան ծածկել Երեւանի 575 ընտրատեղամասերու մեծ մասը, աշխատելով մօտ 320 դիտորդներով։

160 դիտորդներով աշխատող «Ականատես» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Ալեքսէյ Պետրոսեանը աւելցուցած է՝ ինչպէս նախորդ ընտրութիւններուն, այս անգամ եւս դիտորդներուն լաւ նախապատրաստեր են, ընտրեր՝ քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ չներգրաւուած անկախ մարդոց։ «Երաշխաւորելով, որ առաջին հերթին, դիտորդները լինելու են անկողմնակալ եւ անաչառ: Այսինքն՝ մենք փորձում ենք մաքսիմալ կերպով բացառել հնարաւոր կապը կուսակցութիւնների հետ»,- ըսաւ Պետրոսեանը:

Նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններէն, նաեւ սահմանադրական հանրաքուէէն ետք բաւական կոշտ գնահատականներ հնչեցուցած՝ «Անկախ դիտորդի» եւ «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլի» ներկայացուցիչներու խօսքով՝ յեղափոխութենէն ետք կ’ակնկալեն նոր որակի ընտրութիւններ, երբ իրաւապահներու նպատակը ոչ թէ կեղծիքները կոծկելը, այլ անոնք բացայայտելը պիտի ըլլայ։

«Մինչեւ հիմա բոլոր ընտրութիւնների ժամանակ ակնյայտ էր, որ մթնոլորտը բոլորովին այլ էր: Այն ժամանակ ոչ միայն ահազանգեր էինք ստանում, այլեւ կար ճնշուած մթնոլորտ, ընտրական գործընթացում ընդգրկուած էին բոլոր պետական մարմինները՝ դպրոցներ, մանկապարտէզներ, ոստիկանութիւն: Ազատ եւ արդար ընտրութիւններ անցկացնելու համար մենք, բացի մեր դիտորդներից, գործընկեր, ըստ էութեան, չունէինք»,- ըսաւ Արթուր Սաքունցը:

Անոր խօսքով՝ ընտրութեան ընթացքին հետեւելէ բացի, պիտի ունենան նաեւ շրջիկ խումբեր, նաեւ պիտի տրամադրեն իրաւաբանական խորհրդատուութիւն անոր կարիքն ունեցողներուն։ «Վարչական ռեսուրսների չարաշահման մասին ահազանգեր չունենք: Բացառութեամբ ԶԼՄ-ների կողմից երկու քրէական գործի յարուցման մասին հաղորդումների, չունենք նաեւ ընտրակաշառքների վերաբերեալ ահազանգեր»,- նշեց իրաւապաշտպանը:

«Ականատես» նախաձեռնութիւնը ներկայացնող «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» կազմակերպութեան ընտրական ծրագրի համակարգող Ալեքսէյ Պետրոսեանի խօսքով՝ «Ականատեսը» եւս ընտրախատումներու կամ բաժանուող ընտրակաշառքի մասին ահազանգեր դեռ չի ստացած: Հասցուցեր են նախապատրաստել 160 դիտորդներ, որոնք պիտի դիտարկեն 80 տեղամաս։ «Սպասում ենք լաւին, բայց պատրաստուում ենք վատին, հիմնականում դա է»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պատկերաւորեց Պետրոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment