Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ղարաբաղի Հարցով Թուրքիան Մինչեւ Վերջ Պիտի Աջակցի Ատրպէյճանին. Էրտողան

Ղարաբաղի Հարցով Թուրքիան Մինչեւ Վերջ Պիտի Աջակցի Ատրպէյճանին. Էրտողան

by MassisPost

«Ատրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, Ատրպէյճանի ցաւը Թուրքիոյ ցաւն է»,- 15 Սեպտեմբերին, այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան` թրքական Կովկասեան բանակին նուիրուած հեծելազօրքի շքերթի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:

Ընդգծելով, որ Թուրքիան Ատրպէյճանի կարեւորագոյն գործընկերն է, յատկապէս քաղաքական եւ զինուորական ոլորտներուն մէջ, Էրտողան հաւաստած է, թէ Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի Ատրպէյճանի ջանքերուն, վերջինիս համար ծանրագոյն խնդիրը` ղարաբաղեան տագնապը լուծելու հարցին մէջ:

«Ժամանակը եկած է վերջ դնելու սպասումներուն մեր աւելի քան մէկ միլիոն եղբայրներուն, որոնք տարիներ շարունակ կապրի՛ն հայրենիքի կարօտով: Անոնք, որոնք բռնագրաւուած կը պահեն եղբայրական Ատրպէյճանի տարածքին 20 առ հարիւրը, ի զուր մեզմէ սահմանի բացում կակնկալե՛ն: Տուեալ հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը յայտնի է, յստակ է եւ ճշգրիտ»,- յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով,- «այդ հարցին մէջ առաջին քայլիը պէտք է ձեռնարկէ բռնագրաւողը»:

Էրտողան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Թուրքիայ կ’ուզէ բարելաւել կամ «շարունակել բարի կապերը» բոլոր դրացիներուն հետ, սակայն, անոր համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ կապերու վերսկսման կարեւորագոյն պայման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment