Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Համաձայն Սեպտեմբեր 23-ի Ընտրութիւնները Ունին Բացառիկ Կարեւոր Քաղաքական Նշանակութիւն

Փաշինեանի Համաձայն Սեպտեմբեր 23-ի Ընտրութիւնները Ունին Բացառիկ Կարեւոր Քաղաքական Նշանակութիւն

by MassisPost

Երեւան քաղաքի էրեբունի վարչական շրջանէն ներս Սեպտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած «իմ Քայլը» դաշինքի հանրահաւաքի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունենալով յայտարարեց, որ Սեպտեմբեր 23-ին կայանալիք Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները ունին բացառիկ կարեւոր քաղաքական նշանակութիւն:

Վարչապետը իր ելոյթի զգալի մասը նուիրեց հակայեղափոխականներու դէմ պայքարին: Վարչապետը յայտարարեց, թէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակից որոշ «քաղաքական ուժեր, որոնք նաեւ կը ներկայանան որպէս յեղափոխութեան պաշտպան, յեղափոխութեան առաջամարտիկ», բանակցութիւններ կը վարեն հանրապետականներու հետ, որպէսզի վերջիններս «ընտրակեղծարարական ռեսուրսով»պաշտպանեն իրենց: – «Սթափուէք, գժուկներ, սթափուէք», – յայտարարեց Փաշինեանը, առանց մատնանշելու, թէ ճշգրիտ որ քաղաքական ուժին կամ ուժերուն նկատի ունի:

Անդրադառնալով Հայկ Մարութեանին քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրելու իրենց որոշման, վարչապետը նշեց, թէ առաջնորդուած են կարեւոր մէկ սկզբունքով, որ Մարութեան աշխատանքի մարդ է, որ իր ողջ կենսագրութեան ընթացքին չէ քծնած իշխանութիւններուն եւ այլ ճիշտ հակառակը՝ դուրս եկած է փողոց եւ պայքարած է:
Վարչապետը ընդգծեց, որ երեւանցիները պէտք է իրենց ձայնը տան յեղափոխութեան վերջնական յաղթանակին.

«Այս ընտրութիւնները չափազանց կարեւոր են, որովհետեւ դրանք առաջին ընտրութիւններն են Հայաստանում տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ: Եւ այս ընտրութիւնները այսպիսով ստանում են բացառիկ կարեւոր քաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ այդ ընտրութիւններում ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պէտք է ընտրական տեղամասերում վերահաստատի այն յաղթանակը, որ նա տարել է Հանրապետութեան հրապարակում», – յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան: – «Եւ ուրեմն, այս ընտրութիւններում խնդիրն այն չէ թէ Հայկ Մարութեանը ընտրուելու է քաղաքապետ, թէ չէ, այլ խնդիրը այն է՝ ժողովուրդն իր յաղթանակը վերահաստատելու է արդեօք ընտրական տեղամասում, թէ ոչ: Եւ ուրեմն բոլոր նրանք, ովքեր ուզում են Հայաստանում վերահաստատել ժողովրդի իշխանութիւնը, ժողովրդական, ոչ բռնի յեղափոխութեան յաղթանակը, ուրեմն նրանք ընտրական տեղամասերում պէտք է քուէարկեն բացառապէս «իմ Քայլը» դաշինքի օգտին, Հայկ Մարութեանի օգտին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment