Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Շանթ-2018» Զօրավարժութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

«Շանթ-2018» Զօրավարժութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

by MassisPost

Համապետական նշանակութեան «Շանթ-2018» զօրավարժութեան շրջանագիծէն ներս ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ մամուլի ներկայացուցիչներուն ներկայացուած են զօրավարժութեան սենարով նախատեսուած գործողութիւնները: Այս մասին կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Պայմանականօրէն փոխուած է տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, սահմանին դրութիւնը սրուած է, կան կորուստներ:

Նախարարութիւններն այժմ կը գործեն արտակարգ ռեժիմով, քանի որ պայմանականօրէն կը համարուի, որ կան նաեւ թեխնածին ու բնական աղէտներ, ինչպէս նաեւ փախստականներու ներհոսքի վտանգ: Առկայ է պայմանական սպառնալիք, որ փախստականներու հետ Հայաստան կրնան ներթափանցել նաեւ ահաբեկիչներ:
Արտակարգ ռեժիմով իր գործառոյթներն կ’իրականացնէ նաեւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պայմանականօրէն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են դեսպանները, որպէսզի տեղեկացուին առկայ իրավիճակի ու Հայաստանի դիրքորոշման մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment