Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

by MassisPost

Արամ Աթէշեանը Շնորհակալութիւն Յայտնած Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն Վանի Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագի իրականացումն արտօնելու համար, այս մասին կը գրէ թրքական IHA գործակալութիւնը։

Յայտնի է, որ պատարագին մասնակցած է Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյը, որ հանդիսաւոր արարողութեամբ կղզիին մէջ աղաւնիներ թռցուցած է պատարագէն ետք: Անոր հետ մէկտեղ ներկայ գտնուած է նաեւ այլ պաշտօնատար անձինք։

Յայտնի է, որ պատարագի իրականացման առթիւ այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Վանի Աղթամար կղզիին մէջ ուժեղացուած են անվտանգութեան միջոցառումները, չէ թոյլատրուած Հայաստանի դրօշով զբօսաշրջիկներու մուտքը, իսկ բուն պատարագը շատերը լսաղ են դուրսէն։

Ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ Խաչ եկեղեցի կ’իրականացուին 2010 թուականէն, սակայն վերջին երեք տարիներուն թրքական իշխանութիւնները կ’արգիլէին ամէնամեայ պատարագի իրականացումը՝ պատճառաբանելով այն «առկայ վտանգներով»:

Սակայն այս տարի արարողակարգն իրականացնելու թոյլտուութիւն ստացուած է:

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին նորոգումէն ետք վերաբացուած է 2007 թուականին: Պատմական Հայաստանի տարածքին այն միակ եկեղեցին է, որուն գմբէթին վերանորոգումէն ետք խաչ բարձրացուած է: Հայկական ճարտարապետութեան գլուխգործոց համարուող եկեղեցիներէն մէկն այժմ թանգարանի կարգավիճակ ունի:

Յայտնի է, որ եկեղեցիին մէջ կարելի է պատարագ իրականացնել տարին միայն մէկ անգամ` Խաչվերաց տօնին նախորդող կիրակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment