Հայաստանի նախկին՝ հանրապետական իշխանութիւններու գործած բազմաթիւ աւերներու շարքին պէտք է դասել դպրոցներու եւ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու կուսակցականացումը: Տարիներ շարունակ երկրորդական վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը օգտագործուեցան ընտրութիւններ կեղծելու եւ հանրապետականներուն համար քուէներ ապահովելու նպարտակով:
Միւս կողմէ, ՀՀԿ-ի դաշնակից մէկ այլ կուսակցութեան՝ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները բազմաթիւ անգամներ ստանձնելով կրթութեան նախարարի պաշտօնը, ջանք չխնայեցին պատմութեան դասագրքերուն մէջ ուռճացնելու իրենց կուսակցութեան դերակատարութիւնը՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ժողովուրդի համար բախտորոշ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւներուն ընթացքին, միաժամանակ նուազեցնելով ու թերագնահատելով այլ կուսակցութիւններու եւ յատկապէս Հնչակեան Կուսակցութեան մասնակցութիւնը քաղաքական եւ ինքնապաշտպանական գործողութիւններուն:
Երեւանի մէջ գործող ՍԴՀԿ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութիւնը, այս ուղղութեամբ բաւական լուրջ աշխատանք կատարելով ուսումնասիրած է Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ առկայ պատմութեան դասագիրքերու ներկայիս պարունակութիւնը, հոն յայտնաբերելով վրիպակներու եւ աղաւաղումներու շարք մը: Պատրաստուած ուսումնասիրութիւնը կեդրոնացած է պատմութեան դասագիրքերուն մէջ ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան վերաբերեալ սխալ տեղեկութիւններուն վրայ:
Պատմական փաստարկներու վրայ պատրաստուած ուսումնասիրութիւնը յղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Ա. Յարութիւնեանին, միաժամանակ առաջարկելով կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու անհրաժեշտ ուղղումները կատարելու եւ դասագրքերու յաջորդ տպագրութիւնները նուազ դերի դարձնելու աշխատանքին:
Կ՛ակնկալուի, որ նոր նախարարն ու իր աշխատակազմը առիթը կ՛ունենան անդրադառնալու սրբագրութեան կարօտ այս կարեւոր հարցին եւս, որպէսզի Հայաստանի ուսանողութիւնը պատմութեան ծանօթանայ հեռու քաղաքական նպատակներէ, անաչառ եւ գիտական հիմունքներով պատրաստուած դասգրքերու ընդմէջէն:
«ՄԱՍԻՍ»