Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Ոստիկանութիւնը Ձերբակալած է Միացիալ Նահանգներու Կողմէ Հետախուզուող Քեմալ Օքսուզը

ՀՀ Ոստիկանութիւնը Ձերբակալած է Միացիալ Նահանգներու Կողմէ Հետախուզուող Քեմալ Օքսուզը

by MassisPost

Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան ծառայողները 29 Օգոստոսին, համագործակցելով Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի ծառայողներու հետ, Երեւանի մէջ յայտնաբերած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւապահներու կողմէ հետախուզուող, ազգութեամբ թուրք Քեւին (Քեմալ) Օքսուզը, որ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով Հայաստանի մէջ հիմնադրած էր ընկերութիւն եւ սկսած գործունէութեան:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութիւնը, 23 Օգոստոսին Քեւին Օքսուզի նկատմամբ յայտարարուած էր միջազգային հետախուզում ԱՄՆ քրէական օրէնսգիրքի յատկանիշներով, մասնաւորապէս` ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի էթիկայի յանձնաժողովէն փաստացի նիւթերը կեղծելու միջոցով թաքցնելու եւ ներկայացուցիչներու պալատի էթիկայի յանձնաժողովին կեղծ յայտարարագիր ներկայացնելու (4 դրուագ) մեղադրանքներով:

Միջազգային հետախուզում յայտարարելէ ետք` յաջորդ օրն իսկ, ան ոստիկանութեան տեսադաշտի մէջ էր, եւ ոստիկանութեան պետի անմիջական հսկողութեամբ ձեռնարկուած են ծաւալուն, անյետաձգելի հետախուզական միջոցառումներ:

Օքսուզը թուրքամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու հասարակական, շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան նախագահն էր: Կազմակերպութեան նպատակն էր սերտ յարաբերութիւններ հաստատել թուրքերու եւ ամերիկացիներու միջեւ` կազմակերպելով ուղեւորութիւններ դէպի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան:
2013 թուականին Օքսուզը այլ անձերու հետ քանի մը ԱՄՆ քոնկրեսականներու հրաւիրած էր մասնաւոր ուղեւորութեան դէպի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա:

ԱՄՆ քոնկրեսականներու մասնաւոր այցերը կը կանոնակարգուի Էթիկայի յանձնաժողովի կողմէ` ԱՄՆ ճանապարհորդութիւններու մասին կանոնակարգի դրոյթներու համաձայն: Այս կանոնակարգի համաձայն` ուղեւորութեան հովանաւորները պէտք է լրացնեն յատուկ ձեւաթուղթեր, ինչ որ կը հաւաստէ ուղեւորութեան համար ծախսուող ֆինանսաւորման աղբիւրները, նաեւ պէտք է նշուի վճարումներու աղբիւրը եւ փաստացի ծախսերը:
Որպէս ճամբորդութեան ենթադրեալ կազմակերպիչ Օքսուզը էթիկայի յանձնաժողովին ներկայացուցած է ձեւաթուղթեր, որոնք կեղծած է, եւ նշած, որ կազմակերպութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ աղբիւրէ ֆինանսական միջոցներ չէ ստացած:

Պարզուած է, որ Օքսուզի ղեկավարած կազմակերպութիւնը փաստացի չէ վճարած բոլոր ծախսերու համար եւ ստացած է ֆինանսաւորումներ, որոնց մէջ` Ատրպէյճանի կառավարութեան պատկանող` «Սոքար» քարիւղաարդիւնաբերական ընկերութենէն:

Պարզուած է նաեւ, որ ԱՄՆ քոնկրեսի 9 անդամներ եւ աշխատակազմի 32 անդամներ ստացած են հարիւր հազարաւոր տոլարներ արժող նուէրներ:

Քեմալ Օքսուզը, որ ԱՄՆ քաղաքացի դառնալէ ետք անունը փոխած է Քեւինի, իր գործունէութենէն ներկայացուց նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ:

Քեմալ Օքսուզը ձերբակալուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment