Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկու Հրաժարական եւ Մարտ 1, 2008

Երկու Հրաժարական եւ Մարտ 1, 2008

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Սիրելի հայրենակիցներ, իշխանութեան ձեզ յայտնի մարմինների կողմից ինձ ներկայացուել է հրաժարականի պահանջ: Նկատի ունենալով, որ ստեղծուած իրավիճակում նախագահի սահմանադրական լիազօրութիւնների կիրառումը յղի է երկրի ապակայունացման լուրջ վտանգով, ես ընդունում եմ այդ պահանջը եւ յայտարարում իմ հրաժարականը: …Եթէ ընդունել եմ հրաժարականի որոշում, հաւատացէք դա նշանակում է, որ այլընտրանքը մեր պետութեան համար համարել եմ աւելի վտանգաւոր:» Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Փետրուար 3, 1998

«Սիրելի հայրենակիցներ, …Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր: Ես սխալուեցի: Ստեղծուած իրավիճակն ունի մի քանի լուծում, բայց դրանից ոչ մէկին ես չեմ գնայ: Դա իմը չէ: Ես թողնում եմ երկրի ղեկավարի, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը: Փողոցի շարժումն իմ պաշտօնավարման դէմ է: Ես կատարում եմ ձեր պահանջը:» Սերժ Սարգիսեան, Ապրիլ 23, 2018

Վերը նշուած մէջբերումները շատ հակիրճ ըլլալով հանդերձ, շատ բան կը բացայայտեն, թէ’ անձերուն մտայնութեան եւ թէ’ ժամանակաշրջանի մթնոլորտին մասին: Երկու պարագաներուն ալ, Հայաստանի գլխաւոր դէմքերը սահմանադրական իրաւունքը ունէին չ’ընդառաջելու ներկայացուած պահանջներուն: Բայց սերտելով այլընտրանքները պետութեան շահերէն մեկնած, պէտք է համակերպէին ու համակերպեցան: Սակայն այդպէս չեղաւ պարագան, իր ժամանակի միւս գլխաւոր դէմքին` Ռոպերթ Քոչարեանին: Ատոր համար ունեցանք Մարտ 1, 2008-ն, իր բոլոր կործանիչ հետեւանքներով:

Ամենէն ուշագրաւ տարբերութիւնը վերեւի երկու հրաժարականներուն, կը կայանայ զանոնք պահանջողներուն մէջ: Առաջինը` պալատական, իսկ երկրորդը` ժողովրդային: Որ շատ բան կը բացայայտէ քսան տարուան ընթացքին (1998-էն 2018) Հայաստանի անցած ճանապարհին մասին: Ու բնականաբար, Մարտ 1, 2008-ն իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցաւ այդ փոփոխութեան մէջ: Եթէ օրին Լեւոն Տէր Պետրոսեան մերժէր հրաժարիլ, Մարտ 1 չէր կրնար պատահիլ: Որովհետեւ Սովետական Միութեան փլուզումին եւ անկախութեան առաջին տարիներու «ցուրտ ու մութ»ին ծանրութեան տակ կքած ժողովուրդը, լրիւ չգիտակցելով Արցախեան հերոսամարտի ձեռքբերումներուն շատ աւելի ծանրակշռութեանը, հրապարակը պիտի չի ողողէր զինք պաշտպանելու համար, որպէս զի տեսնէինք թէ «իշխանութեան ձեզ յայտնի մարմիններ»ը Մարտ 1 պիտի իրագործէի՞ն: Իսկ եթէ Սերժ Սարգիսեան մերժէր հրաժարիլ, ապա Մարտ 1-ը կրնար շուքի տակ իյնալ շատ աւելի ծանր հետեւանքներու պատճառաւ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան, իր հրաժարականի տողերուն ընդմէջէն, ուզեց ժողովուրդին հասկցնել, որ ան կախեալ պէտք չէ ըլլայ իշխանութեան քանի մը մարմիններէ, այլ` սահմանադրութեամբ իրեն հասած իրաւունքներէն: Հետեւաբար, ժողովուրդը օրէնքի գերակայութեան գործադրման միջոցաւ պէտք է ապահովէր իր իրաւունքները: Այդ ժամանակի պայմաններէն մեկնած, դժուար էր ակնկալել ժողովուրդէն, որ օրին հասկնայ այդ պատգամը: Բայց դասը տրուած էր ու կը սպասէր զայն ընկալողներուն: Եւ եղան անոնք:
Սերժ Սարգիսեան, իր հրաժարականի տողերուն ընդմէջէն, ուզեց ժողովուրդին հասկցնել, որ ինք Մարտ 1-ի դիմողը չէ: «Դա իմը չէ»ն յստակ զատորոշում մըն էր, իր եւ Քոչարեանի մտայնութեան, եւ նուրբ յուշում մը, որ Մարտ 1, 2008-ն իր գործը չէր, այլ` Քոչարեանի: Իսկ «Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր: Ես սխալուեցի:» արտայայտութեամբ, ան կարծէք կ’ընդունէր, որ Հայաստանի մէջ միանձնեայ ամբողջատէր ղեկավարի կերպարը իր տեղը զիջած էր ժողովրդավար ղեկավարի կերպարին:

Ուրեմն յստակ է, որ ո’չ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ ո’չ ալ Սերժ Սարգիսեան կրնային Մարտ 1 իրագործել: Այդ կրնար ընել միայն «Հայաստանի միակ տղամարդը»` Ռոպերթ Քոչարեան: Եւ ըրաւ, որովհետեւ իրեն համար օրէնք ու սահմանադրութիւն, պետական շահ, ժողովրդավարութիւն, պարզ եզրեր էին, ենթակայ` «միակ տղամարդ»ու քմահաճոյքին: Դժբախտաբար այդ մտայնութիւնէն կը տառապէին բոլոր այն պատեհապաշտները, որոնք բարձր պաշտօններու տիրացան, կարծելով որ իրենց դիրքը իրենց իրաւունք կու տայ շրջանցելու օրէնքը: Անոնց համար բարձր պաշտօնը բարձր պատասխանատուութեան գիտակցումը չէր, այլ` պատեհ առիթ, ամէն գնով տիրանալու այն ինչին որ կը ցանկան, ոտնակոխելով օրէնք եւ իրաւունք: Այդպիսիները բնականաբար դէմ կ’ըլլան եւ չեն վարանիր չէզոքացնելու բոլոր անոնք, որոնք նախանձախնդիր կ’ըլլան օրինականութեան հաստատման եւ օրէնքի գերակայութեան կիրառման: 2008-ի նախագահական ընտրութիւնները կեղծելով եւ Մարտ 1 իրականացնելով, Քոչարեան արգելք եղաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման, կարենալ ապահովելու համար իր իշխանութեան տարիներուն ապօրինաբար տիրացած հարստութեանց: Ահռելի հետեւանքները պարզ են բոլորիս համար: Որ պէտք է համոզումով մղէ բոլորս, ծառանալու այդ մտայնութեան դէմ եւ անվերապահօրէն թիկունք կանգնելու Հայաստանի ժողովրդավարացման եւ երկրէն ներս օրէնքի գերակայութեան ամրակայման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment