Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Եղբօրորդին՝ Հայկ Սարգսեանը Կալանաւորուած է Սպանութեան Փորձի Յանցանքով

Սերժ Սարգսեանի Եղբօրորդին՝ Հայկ Սարգսեանը Կալանաւորուած է Սպանութեան Փորձի Յանցանքով

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդի՝ Հայկ Սարգսեանի գործով նախաքննութիւնն աւարտած է, եւ 33-ամեայ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է սպանութեան փորձի համար։ Ան կալանաւորուած է։

Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն, դեռ 11 տարի առաջ՝ 2007-ին, հրազէնային վնասուածքով Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկը տեղափոխուած էր Դաւիթ Սիմոնեանը։ Նոյն օրը ոստիկանութիւն ներկայացած էր Արթուր Ղեւոնդեանը, ներկայացուցած ատրճանակ եւ յայտնած, թէ այն գտած է իրենց շէնքին կից մանկապարտէզէն դէպի նկուղ տանող աստիճաններուն մօտ, որու հետ անզգոյշ վարուելու հետեւանքով կրակած է՝ մարմնական վնասուածք պատճառելով ընկերոջ՝ Դաւիթ Սիմոնեանին: Յարուցուած էր քրէական գործ, որ, սակայն կարճուած էր․ որոշուած էր Արթուր Ղեւոնեանը քրէական հետապնդման չենթարկել՝ կողմերու հաշտութեան եւ բողոքի բացակայութեան հիմքով:

Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած յեղափոխութենէն ետք յարուցուած է նոր քրէական գործ, որու արդիւնքով պարզուած է, որ Դաւիթ Սիմոնեանին մարմնական վնասուածքը պատճառուած է ոչ թէ անզգուշութեամբ Արթուր Ղեւոնդեանի կողմէն, այլ անոր փորձած են սպաննել, իսկ սպանութեան փորձն իրականացուցած է Հայկ Սարգսեանը։

Նախաքննական մարմնի փոխանցմամբ, Դաւիթ Սիմոնեանն իրականութեան մէջ հրազէնային վնասուածքն ստացած է Հայկ Ալեքսանտրի Սարգսեանի՝ Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող բնակութեան վայրի նկուղային յարկին վրայ գտնուող սենեակին մէջ՝ 2007 թուականի Ապրիլ 1-ին՝ ժամը 16-ի սահմաններուն՝ վերջինիս կողմէն արձակուած կրակոցի հետեւանքով։

Իրաւապահները յայտնաբերած եւ առգրաւած են ատրճանակը:

Ըստ իրաւապահներու, կենցաղային հարցերու շուրջ տեղի ունեցած վիճաբանութեան ժամանակ կրակոց արձակուած է տուժողի որովայնի ուղղութեամբ՝ պատճառելով կեանքին վտանգ սպառնացող ծանր վնաս՝ որովայնի խոռոչի հրազէնային միջանցիկ վիրաւորման ձեւով՝ լեարդի եւ աջ երիկամի վնասումով, աջ երիկամի հեռացումով՝ ուղեկցուած ներքին արիւնահոսութեամբ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment