Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ Ներկայացուցիչները Քննադատած են Փաշինեանի Ելոյթը

ՀՀԿ Ներկայացուցիչները Քննադատած են Փաշինեանի Ելոյթը

by MassisPost

«Կառավարութեան գործունէութեան 100 օրուայ ամփոփումը ստուերուեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միթինկային ելոյթով»,-  Հանրապետութեան հրապարակի մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ հաւաքն ու Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթն այսպէս որակած է հանրապետական Արմէն Աշոտեանը։

Ֆէյսպուքեան գրառման մէջ նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչն «անյաջող»  գնահատած է Փաշինեանի ղեկավարած  կառավարական կազմը, իսկ աշխատանքը բնորոշած՝ «բացայայտ ձախողած»։ Աշոտեանը նաեւ գրած է. «Ճնշումների գործադրմամբ իշխանութեան եկած, ուժային կառոյցների գործադրմամբ սեփական իշխանութիւնը ամրացնելու փորձեր անող, երկրում այլակարծութեան նկատմամբ անհանդուրժողականութիւն ձեւաւորող իշխանութեան ղեկավարը յարձակուեց իշխանութեան միւս ճիւղերի՝ օրէնսդիր եւ դատական մարմինների վրայ»:

Մի քանի ոլորտային բաժանումներով՝ Փաշինեանի ելոյթի առանցքային հատուածներուն քննադատական գնահատականներ տալով, Աշոտեանն իր խօսքը եզրափակած է հետեւեալ խօսքով. «Դուք այս 100 օրուայ ընթացքում վարչապետ այդպէս էլ չդարձաք: Անգամ շարքային»։

Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ ԱԺ փոխնախագահ, հանրապետական Էտուարտ Շարմազանովը։ Իր ձեւակերպմամբ՝ ան հիասթափուած է Փաշինեանի ելոյթէն, քանի որ հաշուետուութեան փոխառեն, լսած է հաղորդում գործադիր իշխանութեան վախճանի մասին։ Հանրապետականի խօսնակը եւս կը կարծէ, որ Փաշինեանը «սպառնաց դատաւորներին, ընդդիմախօսներին, կոպտօրէն խախտեց անմեղութեան կանխավարկածը, զրոյացրեց պետական ինստիտուտները եւ փողոցը հռչակեց որոշում կայացնող միակ մարմինը»։

Վարչապետի ելոյթին արձագանգած է նաեւ արդարադատութեան նախկին նախարարը։ Հանրապետականի գործադիր մարմնի անդամ Դաւիթ Յարութիւնեանն իր յայտարարութեան մէջ նշած է․ «Դատարանների կողմից մի շարք աղմկայարոյց գործերով կայացուած որոշումների մասին պաշտօնատար անձանց կողմից հնչեցուող գնահատականները յաճախ կրում են ծայրայեղ բնոյթ, խախտում են գործող իրաւական պահանջները, ինչի հետեւանքով դրանց հեղինակներն ապօրինի ներխուժում են արդարադատութեան իրականացման բացառիկ տիրոյթ»:

Խորհրդարանական մէկ այլ ուժի, նոր իշխանութիւններու հետ համաձայնութեան կառավարութիւն կազմած Դաշնակցութիւնը առայժմ չէ մեկնաբանած վարչապետի ելոյթն ու այնտեղ հնչած գնահատականներն արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան, «մարտի 1-ի» գործի ու տնտեսութեան վիճակի մասին։ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանն ըսած է՝ քանի դեռ քննարկումներ չեն ունեցած, պաշտօնական կարծիք չեն կրնար ըսել։

«Ազատութիւն»ը չէ յաջողած կապ հաստատել «Ծառուկեան» խմբակցութեան անդամներուն հետ՝ ճշդելու անոնց արձագանգը: Հեռախօսազանքերուն չէին պատասխանած նաեւ «Ելք» խմբակցութեանն անդամակցող «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան անդամները։

Նշենք, սակայն, որ ֆէյսպուքեան գրառմամբ, ըստ էութեան հակադարձելով ընդդիմախօսներուն, «Ելք» դաշինքի պատգամաւոր Լենա Նազարեանը գրած է՝ հանրաքուէներու ինստիտուտի զարգացումը չի նշանակեր, որ Հայաստանի մէջ Սահմանադրութիւն կամ պետական կառոյցներ պիտի չըլլան: Ըստ պատգամաւորի՝ սա կը նշանակէ, որ «Քաղաքացիներն այլեւս չեն ուզում, որ ինչ-որ մէկն իրենց ներկայացնի, առաւել եւս 10 հազար դրամանոց ԱԺ-ն, մարդիկ ուզում են մասնակցելու հնարաւորութիւն, եւ դրա լաւագոյն ձեւը հանրաքուէներն են»: «Երբ ասում ենք, որ քաղաքացիներն են որոշելու իրենց կեանքին վերաբերող հարցերը, դրանք սիրուն խօսքեր չեն, այլ շատ յստակ քաղաքական յեղափոխական ծրագիր»,- գրած է Նազարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment