Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանցիներու 15 Հոգինոց Խումբի Յարձակման Փորձը Ձախողած է

Ատրպէյճանցիներու 15 Հոգինոց Խումբի Յարձակման Փորձը Ձախողած է

by MassisPost

Անցած գիշեր հակառակորդի 15 հոգինոց խումբը յարձակման փորձ ձեռնարկած է Պաշտպանութեան Բանակի հիւսիսային հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:

Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի նախայարձակ խումբին գործողութիւնները եւ վերջիններս ետ շպրտած իրենց ելման դիրքերը:

Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին հայկական կողմը որեւէ կորուստ չէ ունեցած: Հակառակորդի ունեցած կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ Ատրպէյճանի նման գործողութիւնները նորութիւն չեն, այդ երկիրը պարբերաբար կը փորձէ յարձակումներ գործել։ «Հակառակորդը պարբերաբար, գրեթէ ամէն ամիս, ամէն շաբաթ, փորձում է ստուգել մեր զգօնութիւնը եւ դիմում է տարբեր ահաբեկչական քայլերի: Այն, որ այդ բոլոր փորձերը ձախողուում են, յատկապէս վերջին ժամանակահատուածում, ցոյց է տալիս, որ մեր զգօնութիւնը բաւական բարձր է»,- ըսած է Բաբայեանը:

ԼՂ պաշտօնեան ըսած է նաեւ, թէ կասկածներ ունին, որ ատրպէյճանական կողմը կորուստներ կրած է, ինչը, սակայն, հակառակորդը միշտ ալ կը փորձէ թաքցնել։ Դաւիթ Բաբայեանն ըսած է, թէ ցանկալի է, որ հրադադարի ռեժիմի խախտման ցանկացած դէպքի նկատմամբ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգ ըլլայ։ Յատկապէս, այն պարագային, երբ ատրպէյճանական կողմը նաեւ «հայատեաց յայտարարութիւններ է հնչեցնում»։ «Ատրպէյճանի ակրեսիւ պահուածքը զուգահեռաբար նաեւ տեղեկատուական հարթակում է դրսեւորուում»,- նշած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է՝ Ատրպէյճանը պարբերաբար կը փորձէ սադրել, ինչը հայկական կողմն անպատասխան պիտի չթողու: «Ի պատասխան սահմանում իր սադրանքների, Ատրպէյճանը ստանում է ցաւոտ հակահարուածներ: Նման գործողութիւններն անպատասխան չեն մնալու»,- ըսած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment