Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոչարեանի Ազատմամբ՝ Արդարադատութեան Հանդէպ Մեր Յոյսը Մարեց . «Մարտի 1»-ի Զոհերու Հարազատներ

Քոչարեանի Ազատմամբ՝ Արդարադատութեան Հանդէպ Մեր Յոյսը Մարեց . «Մարտի 1»-ի Զոհերու Հարազատներ

by MassisPost

«Մարտի 1»-ի 10 զոհերէն Սամուէլ Յարութիւնեանի ծնողներն այլեւս յոյս չունին, որ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններն ի վերջոյ կը բացայայտուին։ Հայրը՝ Էտիկ Յարութիւնեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ մինչեւ Քոչարեանի ազատ արձակումը կը կարծէին, թէ այս գործը հնարաւոր է բացայայտուի, սակայն լսելով անոր  ազատ արձակելու լուրը, վերջնականապէս յոյսերը մարած են.

«Այսօրուայ իշխանութիւնները Քոչարեանին բաց թողնելով՝ մեր երեխէքի արեան վրայով քայլել են։ Եթէ վերեւինին բռնում, բաց են թողնում, ներքեւինին, բնականաբար, չեն հասնելու»,- ըսած է Էտիկ Յարութիւնեանը, շարունակելով․ «Ինչ-որ պատգամաւորներ կամ փաստաբաններ եթէ մտածում են, որ Ռոպերթ Քոչարեանը մեղք չունի, բա էս 10 զոհերը որտեղի՞ց են: Ինչքան էլ վիրաւորներ կան, ինչքան ճակատագրեր են կործանուել, երեխաներ են որբացել, դրանց պատասխանը ո՞վ պիտի տայ»։

Ան պնդած է՝ 10 զոհերուն համար պատասխանատուութիւն պէտք է կրէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը․ «Անձամբ մեղաւոր է Քոչարեանը, նա է հրաման տուել անզէն մարդկանց վրայ կրակելու։ Տեսանիւթերում պարզ երեւում է, թէ ինչպէս են ելել մարդաորսի, տուել ենք այդքան զոհեր, այդքան վիրաւորներ։ Մեղաւորները ազգի դաւաճաններ են, եւ նրանց սպասում են ցմահի խուցերը»։

Զոհերէն Գոռ Քլոյեանի հայրը՝ Սարգիս Քլոյեանն ալ ըսած է՝ Քոչարեանի ազատման լուրը լսելուն պէս անակնկալի եկած են, սակայն ինքը դեռ յոյսը չէ կորսնցուցած: «Շոքի մէջ էինք։ Մեր հիմնական ասելիքը՝ անմիջապէս ձերբակալեն Ռոպերթ Քոչարեանին, ի՞նչ հեռանալ, նա պիտի ձերբակալուի։ Ցմահ բանտարկուի։ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հրաման տայ, որ ձերբակալեն մարդասպանին»,- ըսած է Սարգիս Քլոյեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment