Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, որու միջոցաւ յայտնած է, որ կը միանայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած հանրահաւաքին: Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Օգոստոսի 17-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանրահաւաք է հրաւիրել Հանրապետութեան հրապարակում ՝ ամփոփելու իր կառավարութեան 100 աշխատանքային օրերը: Միաժամանակ գիտակցում ենք, որ սա ոչ միայն հաշուետուութեան, այլեւ ժողովրդի՝ յեղափոխութեան հռչակած արժէքներին հաւատարիմ մնալու ապացոյց քայլն է լինելու:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ոչ միայն Հայաստանեան, այլեւ աշխարհասփիւռ իր կառոյցներով, առաջին իսկ օրերից կանգնած է եղել թաւշեայ յեղափոխութեան շարքերում ու այսօր եւս շարունակելու է իր պայքարը այդ շրջանակում: Հակայեղափոխութիւնը չի յաղթելու, թոյլ չենք տալու: Ուստի, մեր համերաշխութիւնն ենք յայտնում վարչապետին, կառավարութեանը եւ Օգոստոսի 17-ին՝ ժամը 18։30-ին միահամուռ շարքերով գտնուելու ենք Հանրապետութեան հրապարակում»: