Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութեան Որոշմամբ՝ Երեւանի Աւագանին Ցրուեցաւ

Կառավարութեան Որոշմամբ՝ Երեւանի Աւագանին Ցրուեցաւ

by MassisPost

Կառավարութեան նիստի ժամանակ գործադիրի որոշմամբ կրճատուած են 2017-ի Մայիսի ընտրութիւններով ձեւաւորուած՝ Երեւանի աւագանիի լիազօրութիւնները:

Որոշման նախագիծը ներկայացնելէն ետք վարչապետը շեշտած է՝ նոր աւագանիի ընտրութիւնը պիտի դառնայ նոր կառավարութեան օրօք կազմակերպուած առաջին մաշտապային ընտրութիւնը, հետեւաբար՝ օրինականութեան, թափանցիկութեան եւ արդարութեան առումով անոնք պէտք է բացառիկ ըլլան։

«Կարծում եմ, որ մեզ համար առաջնահերթ խնդիր է ընտրութիւնների ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ օրինականութիւնը ապահովելը: Եւ ես յատուկ ուզում եմ եւս մէկ անգամ ընդգծել, որ խնդիրները շատ յստակ են ձեւակերպուած․ ընտրակեղծարարների խմբերն այս ընտրութիւններում որեւէ անելիք չունեն: Իսկ եթէ յանկարծ պարզուի, որ իրենց կարծիքով անելիք ունեն, գալիս է իրաւապահ մարմինների արագ, շեշտակի եւ արդիւնաւէտ անելիքի ժամանակը»,- ըսած է վարչապետը:

Աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն պէտք է բացառուին ընտրակաշառքի դէպքերը: Իսկ եթէ այդպիսիք ըլլան, ապա պատիժը չուշանար, շարունակելով խօսքը, նշած է վարչապետը։

Վարչապետը նաեւ հետաքրքրուած է՝ ամէն ինչ պատրա՞ստ է 1 միլիոնէն աւելի բնակիչ ունեցող քաղաքին մէջ ընտրութիւն կազմակերպելու համար։ Տարածքային կառավարման նախարար Սուրէն Պապիկեանն, ի պատասխան, վստահեցուցած է՝ ամէն ինչ պատրաստ է:

Արտահերթ ընտրութիւններուն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովէն (ԿԸՅ)  ներս եւս արդէն նախապատրաստուած են։ Այժմ կը սպասեն, որ ուժի մէջ մտնէ կառավարութեան որոշումը, որպէսզի նիստ գումարեն եւ ընտրութեան օրը նշանակեն։ Յանձնաժողովի քարտուղար Արմէն Սմբատեանը յստակ ժամկէտներ չէ նշած, միայն ըսած է՝ ընտրութիւնները պիտի կայանան սեպտեմբերի երկրորդ կէսին, կիրակի օր։ Ինչ կը վերաբերի մնացած մանրամասներուն, ապա անոնք պարզ պիտի դառնան աւելի ուշ, ըսած է Սմբատեանն ու աւելցուցած․

«Դեռ ո՛չ ընտրողների պաշտօնական քանակ ունենք, ո՛չ տեղամասերի: Կարող եմ ասել, որ Երեւանի աւագանու անցեալ ընտրութիւններին 840 հազարից մի փոքր աւելի ընտրող է եղել ցուցակային, եղել է 475 ընտրատեղամաս: Ինձ թուում է՝ կը լինեն մօտաւորապէս նոյն թուերը»:

Յանձնաժողովի քարտուղարն ըսած է՝ ընտրութեան օր նշանակելէ ետք կուսակցութիւնները մօտ 10 օր պիտի ունենան՝ առաջադրուելու ու գրանցուելու համար։ Քարոզարշաւն ալ պիտի տեւէ երկու շաբաթ։ Ի դէպ, ի տարբերութիւն խորհրդարանական ընտրութիւններուն, աւագանիի պարագային օրէնքը չի պարտադրեր ուղիղ հեռարձակում ապահովել տեղամասերէն, այնպէս որ՝ ըստ Սմբատեանի, տեղամասերուն մէջ տեսախցիկներ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չտեղադրուին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment