Հայկական երկու Հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխգործակցութեան շրջածիրէն ներս 13 Օգոստոսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն աշխատանքային այցով մեկնած է Արցախ։ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, Արցախի պաշտպանութեան նախարարի ուղեկցութեամբ, եղած է հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, ներկայ գտնուած է բանակային ուսումնական տարուան 2-րդ կիսամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր միջոցառման։
Շնորհակալութիւն յայտնելով անձնակազմին գերազանց ծառայութեան եւ նախորդ կիսամեակի ընթացքին ցուցաբերած բարձր ցուցանիշներուն համար, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը մատնանշած է այն խնդիրներու համալիրը, որուն վրայ պէտք է յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել արդէն մեկնարկած նոր ուսումնաշրջանին` շեշտը դնելով գիտելիքներու եւ հմտութիւններու կատարելագործմանն ուղղուած գործընթացներուն վրայ: Ուսումնական նոր փուլի մեկնարկին նուիրուած միջոցառումը եզրափակուած է զինուորական անձնակազմի հանդիսաւոր երթով։