Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտի 1-ի Գործով կը Յայտնաբերուին Նոր Փաստաթուղթեր

Մարտի 1-ի Գործով կը Յայտնաբերուին Նոր Փաստաթուղթեր

by MassisPost

«Կարելի է ասել, որ Մարտի 1-ի գործը նորից  քննուում է՝ իր բոլոր հանգամանքներով»,- այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն  հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը:

«Եթէ հաշուի առնենք, որ այնպիսի կարեւոր փաստաթուղթ, ինչպիսին 0038 յոյժ գաղտնի հրամանն է, նախաքննութեան այս 10,5 տարուայ ընթացքում նախաքննութեան մարմնի կողմից փորձ չէր արուել յայտնաբերելու, գործին կցելու ու դրա շուրջ քննութիւն իրականացնելու, արդէն պատկերացրէք, որ մենք ունենք նաեւ կասկածներ, որ կան այլ փաստաթղթեր, այլ վկայութիւններ եւս։ Ներկայում մեծ ծաւալի քննչական գործողութիւններ են կատարուում, բնականաբար, կը լինեն նոր տուժողներ»,- նշած է Սասուն Խաչատրեանը:

Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը վստահեցուցած է, որ իրենց կառոյցը որեւէ ազդեցութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ դատաւորներուն վրայ:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադառնալով այն քննադատութեան, որ ան Մարտի 1-ի գործի վերաբերեալ հեռուստատեսութեամբ հնչեցուցած իր վերլուծութիւններով կը միջամտէ քրէական գործին, Յատուկ քննչական ծառայութեան պետն ըսած է. «Դուք դատողութիւններ արէք՝ ես միջամտում եմ, թէ ոչ։ Դատարանն անկախ է, Յատուկ քննչական ծառայութիւնն ու ծառայութեան պետը դատաւորների նշանակման, նրանց աշխատանքից ազատելու, նրանց առաջխաղացման, կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու գործընթացներում որեւէ ներգրաւուածութիւն չունի եւ առարկայականօրէն չի կարող ազդեցութիւն ունենալ դատաւորների վրայ»:

Ինչ կը վերաբերի «0038» յոյժ գաղտնի հրամանին՝ ոչ ամբողջական գաղտնազերծման, որն ըստ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու,   գոնթէքստէն կտրելու վտանգ կը պարունակէ, Սասուն Խաչատրեանը նկատած է, որ այդ փաստաթուղթը գաղտնազերծելու իրաւունքը կը պատկանի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան։ «Պաշտպանութեան նախարարութիւնն է որոշել, թէ ինչ չափով կարող է գաղտնազերծել այդ հրամանը, ուստի, կը յորդորեմ պաշտպանական կողմին մեղադրանքները, որ իբր մենք չենք ուզում հրապարակել ամբողջութեամբ, այլեւս չշահարկուեն, դա մեր ցանկութիւնը չէ»,-նշած է պաշտօնեան:

Հարցին, թէ անցեալին մեղադրուած անձերէն քանին ներկայիս տուժող ճանչցուած է, Յատուկ քննչական ծառայութեան պետը դժուարացած է պատասխանել: Անոր խօսքով՝ առկայ է միտում, որ մարդիկ, որոնք  ժամանակին վախնալով քրէական հետապնդումներէն  նոյնիսկ չեն յայտնած իրենց մարմնական վնասուածք ստանալու մասին, այսօր կը դիմեն եւ տուժողի դատավարական կարգավիճակ կը ստանան, կը յայտնեն գործի մասին իրենց ունեցած ամբողջ տեղեկատուութիւնը:

Արմէն Գէորգեանին «Ուիքիլիքս»-ի հրապարակման հիման վրայ չէ որ մեղադրանք առաջադրուեցաւ,  ըսած է Սասուն Խաչատրեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment