Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Ուսումնական Դրամաշնորհներ կը Տրամադրէ Լոյս Հիմնադրամի Լուծարման Պատճառով Տուժած Ուսանողներու

Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Ուսումնական Դրամաշնորհներ կը Տրամադրէ Լոյս Հիմնադրամի Լուծարման Պատճառով Տուժած Ուսանողներու

by MassisPost

Երեքշաբթի օր Հ.Բ.Ը.Մ.-ը յայտարարեց, թէ Վարչապետի տիկնոջ՝ լրագրող, քաղաքական գործիչ Աննա Յակոբեանի նախաձեռնած «Իմ Քայլը» Բարեսիրական Հիմնադրամին հետ համախորհուրդ, ուսումնական դրամաշնորհներ պիտի տրամադրէ այն ուսանողներուն, որոնք տուժած էին «Լոյս» Հիմնադրամի լուծարման պատճառով: Աշխարհի լաւագոյն տասի շարքին դասակարգուած համալսարաններու կողմէ ընդունուած այդ ուսանողները, իրենց ուսման ընթացքը շարունակելու համար վստահած էին «Լոյս» Հիմնադրամին կողմէ իրենց խոստացուած դրամաշնորհներուն:

«Լոյս» Հիմնադրամը, որ ստեղծուած էր Հայաստանի նախկին ղեկավարութեան բանալի դէմքերու կողմէ, նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք լուծարած էր ինքզինք: Իբր ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւն գործող այդ հիմնադրամը ատենին ստեղծուած էր սատարելու համար աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու մէջ բարձրագոյն ուսման ձեռքբերումին ձգտող հայ յառաջադէմ ուսանողներու, որոնք հետագային, իրենց կարգին պիտի նպաստէին Հայաստանի մրցունակութեան զարգացման՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց ներգրաւումով:

Վարչապետի տիկնոջ հովանաւորած «Իմ Քայլը» Հիմնադրամին առաքելութիւնն է սատարել այն խնդիրներու լուծման որոնց կառավարութիւնը չի կրնար անմիջականօրէն հասնիլ: Անոր որդեգրած գործելաձեւը հասարակական ծրագիրներու համար տրամադրելի նիւթական տարբեր աղբիւրներու յայտնաբերումը եւ համապատասխան ծրագիրներու հետ անոնց կամրջումը եւ համակարգումն է: Անշուշտ Տիկին Յակոբեանի համար նախատեսելի չէր, որ հիմնադրամին դիմաց ծառացող առաջին խնդիրը «Լոյս» Հիմնադրամի լուծարման պատճառով դժուարութեան մատնուած ուսանողներու պարագան պիտի հանդիսանար, որոնք իրենց 2018-2019 տարեշրջանը սկսելու պայմանաժամը կը դիմագրաւէին: Ան անմիջապէս աջակցութեան կոչ ուղղեց միջազգային շրջանակներուն: Հ.Բ.Ը.Մ-ը չուշացաւ ընդառաջելու կոչին, կրթաթոշակներու համար տրամադրելով 200,000 ամերիկեան տոլարի գումար մը, ստանձնելով նաեւ ուղղակի կերպով վարչական ձեւակերպութիւնները դասաւորելու պատասխանատուութիւնը համապատասխան համալսարաններու հետ, որոնց շարքին՝ Օքսֆորտի, Քէմպրիճի եւ Շիքակօի համալսարանները:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան նշեց, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի այս յատուկ եւ բացառիկ աջակցութիւնը կը բխէր այն համոզումէն, որ յառաջադէմ ուսանողներ պէտք չէ չզրկուէին իրենց երազներու իրականացման պատեհութենէն, իրենցմէ անկախ պայմաններու դժբախտ դասաւորումին պատճառով: Ան գնահատեց «Իմ Քայլը» Հիմնադրամի կոչը՝ որով ան դիմած էր համապատասխան կազմակերպութիւններու աջակցութեան, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան ուսումնասէր բարերարներու առատաձեռնութեան համար, որուն շնորհիւ կարելի եղած էր ապահովել անհրաժեշտ գումարներու ապահովումը:

Տիկին Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, անոր արագ եւ ազդու արձագանգումին համար: «Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կողմէ տրամադրուած աջակցութիւնը, պարագաներու բնական դասաւորում մըն է անկասկած:» ըսաւ ան, «տրուած ըլլալով որ Միութիւնը տասնամեակներու ընթացքին հազարաւոր կրթաթոշակներ տրամադրած է հայ ուսանողներու: Անշուշտ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը գիտակից է նաեւ, որ փայլուն ուսանողներու այս խումբը՝ տնտեսական զարգացման մարզերու մէջ Հայաստանի մրցունակ դիրքի ապահովումին ուղղութեամբ կարեւոր ներդրում մը կը հաանդիսանայ: Մենք երախտապարտ ենք Միութեան, որ իր արագ արձագանգումով կրկին անգամ հաստատեց կրթութեան նկատմամբ իր լուրջ յանձնառութիւնը:»

Մինչ «Իմ Քայլը» Հիմնադրամի նախաձեռնութեան շնորհիւ այս պարագային կարելի եղաւ ստեղծուած կացութեան համար արագ եւ նպաստաւոր լուծումի մը յանգիլ, սակայն հետագային արժանաւոր ուսանողներու բարձրագոյն ուսման կրթաթոշակներու ապահովումին համար անհրաժեշտ է ստեղծել համապատասխան կայուն ծրագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment