Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Նախնական Տուեալներով Վարկած Կայ Որ Յովիկ Աբրահամեանին Պատկանող Տարածքին Մէջ Յայտնաբերուած Զէնքերը Կիրառուած են Մարտի 1-2-ի». ԱԱԾ տնօրէն

«Նախնական Տուեալներով Վարկած Կայ Որ Յովիկ Աբրահամեանին Պատկանող Տարածքին Մէջ Յայտնաբերուած Զէնքերը Կիրառուած են Մարտի 1-2-ի». ԱԱԾ տնօրէն

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ներկայացուցած է նոր մանրամասներ ՀՀ  նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին պատկանող տարածքին մէջ կատարուած խուզարկութեան մասին:

Հարցին, թէ յայտնաբերուած զէնքերն ինչ կապ ունին Մարտի 1-ի հետ, ԱԱԾ տնօրէնը նշած է, որ հետաքննական աշխատանքի արդիւնքով տուեալներ ստացուած են, որ թաքցուած են զէնքեր, որոնք, հնարաւոր է առնչութիւն ունին Մարտի 1-ին կիրառուած զէնքերուն հետ։ «Բայց դա վարկած է, որը պէտք է ստուգուի»,- ընդգծած է ան:

Դիտարկման՝ արդեօք այդ զէնքերով կրակած են ցուցարարներուն ուղղութեամբ, Արթուր Վանեցեանը նշած է, որ արդիւնքները կը պարզուին համապատասխան փորձաքննութենէն ետք: «Նախնական տուեալներով, նման վարկած կայ»,- ըսած է ան:

Հարցին, թէ արդեօք նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը առնչութիւն ունի՞ մարտի 1-ին ցուցարարներուն ուղղութեամբ հնչած կրակոցներուն հետ կամ հրաման արձակած է ցուցարարներու ուղղութեամբ կրակելու մասին, Արթուր Վանեցեանը պատասխանած է. «Ես նման մանրուքներ այս պահին չեմ կարող ձեզ ասել։ Կարող եմ միայն ասել, որ մենք յայտնաբերել ենք զէնքեր, որոնք մեր տուեալների համաձայն, հնարաւոր է օգտագործուել են մարտի 1-2-ի դէպքերին։ Եւ դրանք օգտագործուել են այն անձանց կողմից, որոնք ներառուած չեն եղել իրաւապահ համակարգում»։

Դիտարկման, թէ՝ եղած են թիկնազօրներու անդամներ, Վանեցեանը պատասխանած է. «Այո»։

Մէկ այլ հարցի, թէ արդեօք Յովիկ Աբրահամեանը  միակ կասկածեալն էր, ԱԱԾ տնօրէնը հրաժարած է պատասխանել՝ նշելով, որ այն կը վնասէ իրենց գործողութիւններուն. «Գիտէ՞ք՝ ինչ հարցեր էք տալիս, մենք հիմա գործողութիւններ ենք իրականացնում: Այդ հարցին չեմ կարող որեւէ պատասխան կամ արձագանգ տալ»:

ԱԱԾ պետէն նաեւ հետաքրքրուած են՝ արդեօ՞ք յայտնաբերուած զէնքերը օգտագործուած են մարտի 1-ի դէպքերու ժամանակ, թէ՞ մտադիր էին օգտագործել, Արթուր Վանեցեանը նշած է, որ իրենց ունեցած տուեալներով, այդ զէնքերն օգտագործուած են. «ՅՔԾ պետը յայտարարել է, որ կայ 300 պարկուճ, որոնք չեն կարողացել իտենթիֆիքացնել (նոյնականացնել), թէ որ զէնքից է կրակուել, շատ հնարաւոր է՝ այդ 300-ից մէկը լինի այդ զէնքերից»:

hovikՅովիկ Աբրահամեան. «Ես այդ զէնքի հետ որեւէ առնչութիւն չունեմ»
«Ես այդ զէնքի եւ տարածքի հետ որեւէ առնչութիւն չունեմ եւ տեղեակ չեմ, թէ զէնքը, որի մասին Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան կողմից հաղորդագրութիւն տարածուեց, ինչպէս է յայտնուել այնտեղ», Hayeli.am-ի հարցին ի պատասխան նման պարզաբանում  ներկայացուցած է ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը` անդրադառնալով նախօրէին Մարտի 1-ի գործի  հետաքննութեան շրջագիծէն ներս ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէն իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով ապօրինի զէնքի յայտնաբերման միջադէպին:

Յովիկ Աբրահամեանը հերքած է ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած այն պնդումը, թէ տարածքը, ուրկէ յայտնաբերուած է ապօրինի զէնքը, փաստացի  ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին կը պատկանի, սակայն Ամբիկ Գէորգեանի անուամբ ձեւակերպուած է:

Նախկին վարչապետի պնդմամբ՝ այն Ամբիկ Գէորգեանին կը պատկանի, եւ ինքը անոր փաստացի սեփականատէրը չէ: «Ես ոչ այդ տարածքի, ոչ էլ այդ զէնքի հետ որեւէ առնչութիւն չունեմ»,- յայտարարած է Յովիկ Աբրահամեանը:

Ան նաեւ հաստատած է հրապարակուած այն տեղեկատուութիւնը, թէ ինքը Մարտի 1-ի գործով հարցաքննութեան կանչուած է.

«Այո, հարցաքննութիւն եղել է, բայց ես տեղեակ չեմ, թէ այդ զէնքն ինչպէս է յայտնուել այդ տարածքում»:

Յովիկ Աբրահամեանը նաեւ աւելցուցած է, որ որոշ շահագրգիռ անձերու եւս խորհուրդ կու տայ չշտապել եւ չոգեւորուիլ, սպասել քննութեան արդիւնքներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment