Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Իզապէլ Պայրագտարեան Ելոյթ Կունենայ Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Տաճարին մէջ

Իզապէլ Պայրագտարեան Ելոյթ Կունենայ Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Տաճարին մէջ

by MassisPost

Ընթացիկ տարին կը նշանաւորուի Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակով։ Վեց հարիւր տարի անկախութենէ զրկուած հայ ժողովուրդը 28 Մայիս 1918-ին վերստին կը տիրանար իր անկախութեան։ Այս առթիւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը մեծ շուքով կը նշէ պանծալի հարիւրամեակը։

2018-ին համայն հայութիւնը հայրենիքէն ներս թէ արտերկրի տարածքին կը տօնախմբէ նաեւ քաղաքամայր Երեւանի հիմնադրութեան 2800-րդ տարեդարձը։

Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային թեմի «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, զոյգ տարեդարձներու առթիւ նոյնպէս կազմակերպած է յաւուր պատշաճի համերգ մը՝ կատարողութեամբ աշխարհահռչակ օփերայի աստղ Իզապէլ Պայրագտարեանի, որուն կ՚ընկերակցի UCSB Լարային քառեակը։ Համերգը կը հովանաւորէ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Իզապէլ Պայրագտարեան հանդէս եկած է բազմաթիւ դասական յայտնի օփերաներու մէջ՝ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու համերգասրահներուն մէջ, ինչպէս՝ Լա Սքալայի, Փարիզի, Քանատայի, Մեթրոփոլիթընի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Երեւանի եւ այլ օփերաներու մէջ։ Ան քաջատեղեակ է նաեւ հայ ազգային եւ հոգեւոր երաժշտութեան թէ՛ իբրեւ նուագող եւ թէ՛ իբրեւ մենակատար։ Իզապէլ Պայրագտարեան արժանացած է կարգ մը համաշխարհային մրցանակներու, որոնք իր համբաւը տարածած են երաժշտական աշխարհէն ներս. անոնցմէ յիշենք Juno Award, Էլիզապէթ Բ. Թագուհի Golden Jubilee Medal, Մեթրոփոլիթըն Օփերայի Ազգային խորհուրդի շքանշան (1997), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» (2004), Հայաստանի Հանրապետութեան «Կոմիտաս» եւ «Մովսէս Խորենացի» (2017) շքանշաններուն։

Յոբելենական համերգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Տաճարին մէջ։

Մուտքի տոմսերու արժէքն է $20, $30 եւ $50։

Մանրամասնութիւններու եւ տոմսակներու ապահովութեան համար բարեհաճեցէք դիմել Առաջնորդարանի գրասենեակ, հեռ. (818)554-7474։ Հասցէ՝ 3325, N. Glenoaks Blvd., Burbank, 91504։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment