Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները Կրնան Ազդել Հայաստանի Վրայ

Իրանի Դէմ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները Կրնան Ազդել Հայաստանի Վրայ

by MassisPost

Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերականգնումը տարածաշրջանին վրայ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ, անոր անվտանգութեան եւ կայունութեան տեսանկիւնէն, եւ մասնաւորապէս՝ այն երկիրներուն վրայ, որոնք այստեղ տեղակայուած են: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակցին հետ զրոյցի ժամանակ նշած է իրանագէտ Կարէն Վերանեանը:

Անոր կարծիքով՝ տնտեսական տեսանկիւնէն տուեալ իրավիճակին ամենէն շատ կրանայ տուժել Հայաստանը, որովհետեւ այն պատժամիջոցները, որոնք Ուաշինկթընը Իրանի դէմ պատրաստած է եւ կը պատրաստուի իրականացնել, երկմակարդակ բնոյթ ունին: «Առաջինը վերաբերում է մեքենաշինութեան եւ ՏՏ ոլորտում աշխատող ընկերութիւններին: Երկրորդը՝ կազային եւ նաւթային շուկային, որը, բնականաբար, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի: Սակայն պատժամիջոցների երկրորդ մասը մեզ այնքան էլ չի մտահոգում, քանի որ կապուած է բացառապէս նաւթակազային ոլորտի հետ»,- պարզաբանած է Վերանեանը:

Միաժամանակ, փորձագէտը շեշտած է, որ պատժամիջոցներու իրականացման պարագային Հայաստանի եւ հարեւան Իրանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը պարտադիր պիտի տուժէ, քանի որ անոնք պիտի սահմանուին ոչ միայն իրանական ընկերութիւններու նկատմամբ, այլեւ այն ընկերութիւններու, որոնք չեն գործեր  Իրանի տարածքին, սակայն իրանական ընկերութիւններուն հետ աշխուժօրէն կը համագործակցին ինչպէս մասնաւոր, այնպէս էլ պետական մակարդակով:

Իրանագէտի գնահատմամբ՝ սա բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիին վրայ, քանի որ այն վերջերս բացուած է եւ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան զարգացումն ապահովելու տեսակէտէ կրնար դառնալ լաւ հարթակ, ուր կը ներկայացուէին ինչպէս իրանական, այնպէս ալ հայկական ընկերութիւնները: «Այն կարող էր օգուտ բերել ինչպէս ԵՏՄ շուկային, այնպէս էլ Չինաստանին՝ «Մետաքսի ճանապարհ» նախագծի իրականացման ենթաթեքստում, սակայն եթէ այս տեսանկիւնից դիտարկենք, ապա պատժամիջոցները սահմանափակումներ կը ստեղծեն այն ընկերութիւնների համար, որոնք նոյնպէս իրանական ընկերութիւնների հետ կը փորձեն համատեղ աշխատանքներ իրականացնել, նոյնիսկ նոյն «Մեղրի» ԱՏԳ-ում»,- նշած է արեւելագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment