Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ը Պատժամիջոցներ Սահմանեց Թուրք Նախարարներու Նկատմամբ

ԱՄՆ-ը Պատժամիջոցներ Սահմանեց Թուրք Նախարարներու Նկատմամբ

by MassisPost

Նախագահ Տանըլտ Թրամբի յանձնարարականով Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ սահմանեց թուրք երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու` Արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլի եւ Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի հանդէպ` ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընի ազատազրկման համար: Ըստ Սպիտակ տան խօսնակ Սառա Սանտըրսի, թուրք նախարարներու` Նահանգներուն մէջ ունեցած գոյքին վրայ կալանք պիտի դրուի, ամերիկացիներուն ալ պիտի արգիլուի անոնց հետ փոխգործակցութեան մէջ մտնել:

«Նախագահը ուշադրութեամբ հետեւած է Պրանսընի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Մենք չենք տեսած որեւէ ապացոյց, որ Պրանսընը որեւէ անօրինական քայլ ըրած է, եւ կը կարծենք, որ ան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէն իրականացուած անարդար ու ապօրինի ազատազրկման զոհ է», – յայտարարած է Սանտըրսը, աւելցնելով` պատժամիջոցներ սահմանուած են այն պաշտօնեաներու հանդէպ, որոնք առանցքային դեր ունեցած են հոգեւորականի ազատազրկման ու կալանքին մէջ:

«Փասթոր Պրանսընի անարդար կալանքը եւ շարունակական հետապնդումը թուրք պաշտօնեաներու կողմէն ուղղակի անընդունելի է», – յայտարարած է ԱՄՆ Տնտեսութեան նախարար Սթիւըն Մնուչինը, աւելցնելով. – «Նախագահ Թրամփը աւելի քան յստակ ընդգծած է` Միացեալ Նահանգները կ’ակնկալէ, որ Թուրքիան անյապաղ ազատ պէտք է արձակէ անոր»:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուաշինկթընին ուղղուած կոշտ յայտարարութիւն տարածած է` սպառնալով  համարժէք պատասխան տալ: «Կասկած չկայ, որ այս որոշումը, որ անյարգալից ձեւով կը միջամտէ մեր դատական համակարգին, կը հակասէ թուրք֊ամերիկեան յարաբերութիւններու ոգիին եւ լրջօրէն կը վնասէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրները կարգաւորելու կառուցողական ջանքերուն», – յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը` կոչ ընելով ԱՄՆ վարչակազմին հրաժարիլ այդ «սխալ որոշումէն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment