Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քոմերսանթ»․ Մոսկուային Յատկապէս Զայրացուցած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարին Մեղադրանքի Առաջադրումը

«Քոմերսանթ»․ Մոսկուային Յատկապէս Զայրացուցած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարին Մեղադրանքի Առաջադրումը

by MassisPost

«Հայաստանը կ’անջատուի  Հաւաքական անվտանգութեան  պայմանագրէն՝ ՀԱՊԿ-էն , Ռուսաստանը դժգոհ է Հայաստանի նոր իշխանութիւններու գործողութիւններէն» վերնագրի   տակ Հայաստանի մասին հերթական յօդուածը  հրապարակած է ռուս ամենայայտնի օլիկարխներէն մէկուն՝ Ալիշէր Ուսմանովին պատկանող «Քոմերսանթ» պարբերականը:

Վկայակոչելով Ռուսաստանի պետական կառոյցներուն մօտ իր անանուն աղբիւրները՝ «Քոմերսանթ»-ը հրապարակած ծաւալուն յօդուածին մէջ գրած է, թէ վերջին ձերբակալութիւնները Հայաստանի մէջ տարաձայնութիւններ առաջացուցած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ, եւ այդ տարաձայնութիւնները, ըստ թերթի մեկնաբաններուն, կրնան ա՛լ աւելի խորանալ:

«Քոմերսանթ»-ի հեղինակներու փոխանցմամբ՝ Ռուսաստանին յատկապէս վրդովեցուցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին առաջադրուած մեղադրանքը: Սա, Մոսկուայի կարծիքով, լուրջ հարուած է ՀԱՊԿ-ի հեղինակութեան:

«Քոմերսանթ»-ը գրած է, որ Մոսկուային զայրացուցած է նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը: Թերթը շեշտած է նաեւ, որ 2008 թուականի մարտիմէկեան իրադարձութիւններու գործով անցեալին ձերբակալուած էր Հայաստանի ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ «այսօր կը պահանջէ պատասխանատուութեան կանչել բոլոր անոնց, որոնք 2008-ին պատնէշի միւս կողմն էին»:

Մոսկուային յատկապէս զայրացուցած է Խաչատուրովին մեղադրանքի առաջադրումը, քանի որ Երեւանը չէ զգուշացուցած Մոսկուան, որ կը պատրաստուի մեղադրանք ներկայացնել Ռուսաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ՀԱՊԿ-ի գործող գլխաւոր քարտուղարին: Աւելին, թերթը մէջբերած է ՀԱՊԿ-ին մօտ կանգնած անանուն աղբիւրներու խօսքերն այն մասին, թէ Խաչատուրովի գործի ետին տարածաշրջանէն դուրս երրորդ խաղացողներն են՝ ակնյայտօրէն ակնարկելով Արեւմուտքին:

Ռուսաստանի նախագահի վարչակազմի իր անանուն աղբիւրին ալ յղում ընելով՝ «Քոմերսանթ»-ը գրած է․ – «Հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումները հսկայական վնաս կը հասցնեն կազմակերպութեան, եւ տարօրինակ է, որ Երեւանի մէջ այդ մէկը չեն հասկնար»: Ըստ թերթին, եթէ նոյեմբերին ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարները չհաստատեն Հայաստանի նոր ներկայացուցիչը, գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը պիտի անցնի Պելառուսին ։

Պարբերականը նաեւ գրած է, թէ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ առաջացած տարաձայնութիւններու պատճառով հարցականի տակ է 100 միլիոն տոլարի վարկով նախատեսուած՝ «Իսքանտար»-ներու եւ Սու-30ՍՄ կործանիչներու մատակարարումը: «Այս վարկի եւ անոր շրջանակէն ներս նոր սպառազինութեան մասին Մոսկուայի հետ պայմանաւորուած էին Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները, եւ հիմա այդ պայմանաւորուածութիւնը հարցականի տակ է», – վկայակոչելով ռուսական ռազմաարդիւնաբերական երկու կառոյցներու անանուն ներկայացուցիչներուն՝ կը գրէ թերթը:

«Քոմերսանթի» յօդուածն արտատպած են ռուսական շարք մը այլ լրատուամիջոցներ: Ընդհանրապէս՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները յայտնուած են ռուսական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին յատկապէս Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հնչեցուցած աննախադէպ յայտարարութենէն ետք:

Հայաստանեան փորձագէտներէն շատերը այն որակած են միջամտութիւն Հայաստանի ներքին գործերուն։ Ռուսաստանի տնտեսութեան նախկին նախարար, քաղաքական գործիչ Անտրէյ Նեչաեւի կարծիքով՝ Հայաստանը վերջին երկու ամիսներուն անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ, ինչի մասին կը վկայեն նախկին նախագահի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած քրէական գործերը, «եւ այդ անկախ քաղաքականութիւնը չի կրնար Ռուսաստանին հաճելի թուալ»:

Ասոր հետ մէկտեղ, Նեչաեւը կարծիք յայտնած է, թէ տեղին չէ Լաւրովի յայտարարութիւնը  միջամտութիւն համարել՝Հայաստանի ներքին գործերուն: «Սա դեռ ընդամէնը մտահոգութեան մասին յայտարարութիւն է, որ հնչեցուցած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը»-, ըսած է Նեչաեւը։ Անոր կարծիքով՝ Մոսկուան յառաջիկայ ամիսներուն կտրուկ քայլերու չերթար եւ կը փորձէ իր մտահոգութիւնը տարբեր խողովակներով հասցնել Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն, նաեւ կը փորձէ պաշտպանել այն մարդոց, որոնց նկատմամբ Հայաստանի մէջ քրէական գործեր յարուցուած են կամ պիտի յարուցուին, «քանի որ անոնք Ռուսաստանի իշխանութիւններուն հաւատարիմ դաշնակիցներն էին»: «Իհարկէ՝ զուտ տեսականօրէն Մոսկուան կրնայ նաեւ հրահրել Պաքուին՝ յարձակողական գործողութիւններ սկսիլ Ղարաբաղի մէջ»,- նաեւ ըսած է Նեչաեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment