Home Uncategorized Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէն Արթուր Վանեցեանը Ընդունած է Ռուսաստանի Դեսպանը

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէն Արթուր Վանեցեանը Ընդունած է Ռուսաստանի Դեսպանը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:

ԱԱԾ տնօրէնը շնորհաւորած է դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ, մաղթելով յաջող եւ արդիւնաւէտ աշխատանք: Անդրադառնալով երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած ամուր համագործակցութեան՝ Վանեցեանը նշած է, որ այդ բարեկամութիւնը կը նպաստէ երկու պետութիւններու տարբեր գերատեսչութիւններու փոխգործակցութեան ամրապնդման, իսկ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յատուկ ծառայութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը՝ ա՛լ աւելի կ’ամրապնդէ արդէն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները, ըսուած է ԱԱԾ մամուլի կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:

Քոփիրքինը նոյնպէս կարեւորած է երկու գերատեսչութիւններու փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ Ռուսաստանի համար Հայաստանը շարք մը ուղղութիւններով համատեղ գործունէութեան կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկեր է:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակել եւ առաւել սերտացնել ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան ու արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան միջեւ համագործակցութիւնը՝ մասնագիտական բոլոր ուղղութիւններով:

Սերկէյ Քոփիրքինը Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան նշանակուած է այս տարուան ապրիլին՝ այդ պաշտօնին փոխարինելով Իւան Վոլինքինին: Նորանշանակ դեսպանը Հայաստան ժամանած է յունիսի սկիզբը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment