Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Փոխնախարար․ Հայաստանին Յատկացուած 100 Միլիոնի Տոլարի Սպառազինութեան Վարկը Ընթացքի Մէջ է

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Փոխնախարար․ Հայաստանին Յատկացուած 100 Միլիոնի Տոլարի Սպառազինութեան Վարկը Ընթացքի Մէջ է

by MassisPost

Ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան գիծով Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը հերքած է ռուսաստանեան «Քոմերսանթ» պարբերականի հրապարակումը այն մասին, թէ Հայաստանին յատկացուած ռուսաստանեան հարիւր միլիոն տոլար ռազմական վարկի իրականացումը «մեծ հարցականի տակ է»:

«Այդ մէկը ոչ ստոյգ տեղեկութիւն է, ես այն չեմ հաստատեր», -ըսած է ռուս զօրավարը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին: Հարցին ալ՝ «իսկ վարկի մասո՞վ Դուք ինչ տեղեկատուութիւն ունիք», արձագանգած է․ – «Ամէն ինչ կ’աշխատի»:

Նախօրէին ռուսաստանեան պարբերականը ծաւալուն յօդուած հրապարակած էր, որուն մէջ մասնաւորապէս կը պնդէր, թէ պաշտօնական Մոսկուան վրդոված է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման եւ յատկապէս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանքի առաջադրման կապակցութեամբ, եւ այդ պատճառով հարցականի տակ է 100 միլիոն տոլարի վարկի շրջանակէն ներս նախատեսուած ռուսական նոր սպառազինութեան մատակարարումը Հայաստանին:

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը գնահատելու՝ «Ազատութեան» խնդրանքին Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարարն արձագանգած է – «Ինչպէս գնահատեմ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդարադատութիւն կ’իրականացնէ, մեկնաբանութիւն չունիմ»:

Ալեքսանտր Ֆոմինը Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կը համակարգէ միջազգային ռազմական եւ ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան ոլորտը, 2000-ականներուն աշխատած է «Ռոսօպորոնէքսփըրթ»-ի մէջ:

Ռուսաստանի պաշտպանութեան փոխնախարարը Երեւան ժամանած է՝ մասնակցելու «Միջազգային բանակային խաղեր-2018» մրցախաղի շրջածիրէն ներս Հայաստանի մէջ իրականացուող «Ընկերակցութեան մարտիկ» մրցման փակման հանդիսաւոր արարողութեան: Ան նաեւ հանդիպած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանին եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ:

Ռուսաստանեան 100 միլիոն տոլար վարկի հարցին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը՝ ընդգծելով, որ վարկով Երեւանի համար նախատեսուած սպառազինութիւնն արտադրութեան մէջ է: «Ազատութեան» հարցին՝ «ռուսական կողմը ակնարկե՞ր է, կամ ճնշում զգացե՞ր էք Ձեր նկատմամբ, որ՝ գիտէք, մենք կրնանք դադրեցնել վարկը կամ սառեցնել», Դաւիթ Տօնոյեանը հարցով պատասխանած է՝ «ես նմա՞ն եմ մարդու, որուն կարելի է ճնշել որեւէ ձեւով»: Պաշտպանութեան նախարարը շարունակած է․ – «Չկայ այդպիսի բան, կայ համագործակցային եւ գործընկերային մթնոլորտ, որ չի փոխուիր տասնեակ տարիներ»:

Տօնոյեանը աւելցուցած է՝ սպառազինութեան գնման նպատակով Հայաստանը բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ չհանդիսացող երկիրներու հետ՝ առանց նշելու որեւէ պետութեան անուն:

Յայտնի դարձած է նաեւ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Ռուսաստան՝ 11 Օգոստոսին մասնակցելու մերձմոսկովեան «Ալապինօ» զօրավարժարանին մէջ կայանալիք «Միջազգային բանակային խաղեր-2018» փակման հանդիսաւոր արարողութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment