Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ալեքս Հոլտինկը» Ամբողջութեամբ Վերականգնած է 5,2 Միլիառ Դրամի Հարկային Պարտաւորութիւնը

«Ալեքս Հոլտինկը» Ամբողջութեամբ Վերականգնած է 5,2 Միլիառ Դրամի Հարկային Պարտաւորութիւնը

by MassisPost

«Ալեքս Հոլտինկ» ՍՊԸ-ին (Սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւն) առաջադրուած 5,2 միլիառ դրամի չափով լրացուցիչ հարկային պարտաւորութիւնը վերականգնուած է, կը հաղորդեն Պետական եկամուտներու կոմիտէէն (ՊԵԿ):

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական վարչութեան կողմէն քննուող քրէական գործի շրջագիծէն ներս «Ալեքս Հոլտինկ» ՍՊԸ-ի մէջ նշանակուած էր պիւտճէի հետ փոխյարաբերութիւններու ճշտութեան ստուգում: Ստուգումն իրականացուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի տարբեր ստորաբաժանումներու համատեղ ուժերով, որուն արդիւնքով 2018 թուականի 26 յուլիսին կազմուած ստուգման գործով կազմակեպութեանն առաջադրուած է պիւտճէ լրացուցիչ վճարման 5,2 միլիառ դրամ հարկային պարտաւորութիւն (Աւելացուած արժէքի հարկի (ԱԱՀ) եւ շահութահարկի գիծով):

«2018 թուականի Օգոստոսի 1-ի դրութեամբ ընկերութեանն առաջադրուած լրացուցիչ հարկային պարտաւորութիւնն ամբողջութեամբ վերականգնուել է»,- յայտնած են Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) տեղեկատուութեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment