Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մնացականեան. Հայկական Կողմին Համար Արցախի Կարգավիճակն ու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթութիւն են

Մնացականեան. Հայկական Կողմին Համար Արցախի Կարգավիճակն ու Անվտանգութիւնը Առաջնահերթութիւն են

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը երէկ Երեւանի մէջ հանդիպած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Էնցօ Միլանէզիի հետ: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ անոնք անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Զօհրապ Մնացականեանը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման՝ ընդգծելով, որ հայկական կողմի համար բանակցային գործընթացին մէջ առաջնայնութիւններն են Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը: Նախարար Մնացականեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի կողմէն շարունակաբար հնչող ռազմական հռետորաբանութիւնը եւ հայատեացութեան սերմանումն ուղղուած են խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ջանքերու տապալման։

Հայաստանի եւ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարները կարեւորած են բանակցային գործընթացի առաջմղման համար խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment