Պետական այցով Հայաստան գտնուող Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելայի գլխաւորած պատուիրակութեան երէկ ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Ուրախ եմ Ձեզ ողջունել, ինչպէս հիմա ընդունուած է ասել, նոր Հայաստանում: Մենք այսօր իրականացնում ենք կարեւոր, պատմական ժողովրդավարական փոփոխութիւններ, յոյս ունեմ, որ Ձեր այցի ընթացքում զգացել էք այդ փոփոխութիւնների ու լաւատեսութեան շունչը: Բարձր ենք գնահատում Հայաստանի եւ Իտալիայի միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ պատրաստ ենք ջանքեր գործադրել երկկողմ կապերի յետագայ զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ»,- ըսած է Փաշինեանը:
Մաթարելան կարեւորած է երկու երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնումը տարբեր ոլորտներու մէջ: «Մեր ժողովուրդներուն միջեւ կայ ամուր բարեկամութիւն, եւ մենք անհրաժեշտ կը համարենք Իտալիոյ եւ Հայաստանի գործընկերութեան ա՛լ աւելի զարգացումը», – ըսած է Իտալիոյ նախագահը՝ աւելցնելով, որ հայ եւ իտալացի ժողովուրդները կը համարուին հնագոյն քաղաքակրթութեան ներկայացուցիչներ, ինչը երկկողմ կապերու խթանման լաւ հիմք է:
Զրուցակիցները քննարկած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր, այդ շարքին՝ տնտեսութեան, պաշտպանութեան եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: Կողմերն ընդգծած են յատկապէս պաշտպանութեան ոլորտի մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը, մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ համատեղ խաղաղապահ առաքելութեան շրջագիծէն ներս:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Իտալիային այդ հարցի վերաբերեալ հաւասարակշիռ դիրքորոշում ցուցաբերելու եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Փաշինեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ եւ պատրաստ է շարունակել ջանքերը բանակցային գործընթացին համար:
Մաթարելան նշած է, որ այսուհետ եւս Իտալիան պիտի շարունակէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը ԼՂ հակամարտութեան հարցի առնչութեամբ, այդ շարքին՝ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ընթացքին:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Սերճիօ Մաթարելան կարեւորած են տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ամրապնդումն ու ԼՂ հակամարտութեան կողմերու միջեւ աշխոյժ երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը:
Հայաստանի վարչապետը եւ Իտալիոյ նախագահը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման շուրջ: Մաթարելան վստահեցուցած է, որ բոլոր ջանքերը կը ներդնէ, որպէսզի Իտալիոյ խորհրդարանէն ներս հնարաւորինս շուտ վաւերացուի Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: