Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առաջին Կիսամեակին Մօտ 9 Տոկոս Տնտեսական Աքթիւութեան Աճ Գրանցուած է

Առաջին Կիսամեակին Մօտ 9 Տոկոս Տնտեսական Աքթիւութեան Աճ Գրանցուած է

by MassisPost

Այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն 2017-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ արձանագրուած է տնտեսական աշխոյժութիւն 8,9 տոկոս աճ, կը հաստատէ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը: Տնտեսագէտ, վարչապետի խորհրդական Արտակ Մանուկեանն ընդգծած է՝ արձանագրուած շուրջ 9 տոկոսի հասնող այդ ցուցանիշը լաւ ձեռքբերում է, սակայն աւելի կարեւոր է այն տնտեսական զարգացման վերածելը:

 

«Եթէ մենք փորձենք վերծանել յունուար-յունիսի վիճակագրութիւնը, կը տեսնենք, որ մեծ հաշուով կան դրական սպասումներ: Այսինքն այն, որ ասում էին իշխանափոխութիւնը շատ վատ տնտեսական ազդեցութիւն կ’ունենայ, ակնյայտ է, որ այդպէս չէ: Մեծ հաշուով ներդրողներու եւ պիզնես միջավայրի առումով սա դրական արձագանգ է: Բայց չենք կարող ասել, որ այս դրական արձագանգը ամէն առումով արդէն վերածուել է նիւթական որոշակի բաների: Այն պատճառով, որ ժամանակ է պէտք, որ որակական փոփոխութիւններ լինեն, ու սա նիւթականացուի ու բերի տեւական տնտեսական աճի»,- «Ազատութեան»ն ըսած է Արտակ Մանուկեանը:

Տարուան առաջին կիսամեակն ամփոփող տուեալներու համաձայն՝ տնտեսական աշխոյժութեան աճը պայմանաւորուած է հիմնական ծառայութիւններու, շինարարութեան, առեւտուրի, գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ արձանագրուած աշխոյժութեամբ:

Անցեալ տարի՝ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութեան օրօք արձանագրուած էր Հայաստանի մէջ նախորդ տասնամեակի ամենաբարձր տարեկան տնտեսական աճը՝ 7,5 տոկոս, այն պարագային, երբ 2016-ին գրանցուած էր ընդամէնը 0,2 տոկոսի աճ: Այդուհանդերձ, տնտեսագէտները կը պնդէին, որ ներկայացուած տնտեսական աճը չի բարելաւեր քաղաքացիներու կեանքը եւ հիմնուած է առաւելապէս այնպիսի ոլորտներու արդիւնքներու վրայ, ինչպիսին է հանքարդիւնաբերութիւնը:

Վարչապետի խորհրդական, տնտեսագէտ Արտակ Մանուկեանը նշած է, որ Հայաստանի համար մշտապէս առաջնայիններէն համարուող հանքարդիւնաբերութեան դերակատարումը տնտեսութեան մէջ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի նուազի, հաշուի առնելով նաեւ նախորդ ամիս պղինձի արտադրութեան շուրջ 20 տոկոսով նուազումն ու պղինձի գիներու անկման միտումը: «Այս ֆոնի վրայ գրանցած տնտեսական աճն արդէն իսկ խօսում է այն մասին, որ կախուածութիւնը հանքարդիւնաբերութիւնից նուազում է: Բայց ինչքանով հնարաւոր կը լինի մօտելի փոփոխութիւնն անցնցում անել, սա եւս կարեւոր քաղաքականութիւն է»,- ըսած է վարչապետի խորհրդականը:

Ըստ Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէին՝ այս տարուան առաջին կիսուն օդային ճանապարհով Հայաստան մուտք գործած քաղաքացիներու քանակն առաւել քան 20 հազարով աւելի է երկրէն հեռացածներու թիւէն, մուտք գործողներու հիմնական աճը գրանցուած է յունիսին: Ի դէպ, 2017-ի առաջին վեց ամիսներուն հակառակ պատկերն էր․ օդային ճանապարհով Հայաստանէն հեռացածներու թիւը շուրջ 7500-ով աւելի էր երկիր մուտք գործած քաղաքացիներէն:

Վարչապետ Փաշինեանի խորհրդական Արտակ Մանուկեանի խօսքով՝ Հայաստան եկող քաղաքացիներու թիւի դրական տեղաշարժը կապուած է նաեւ երկրի մէջ առկայ լաւատեսական սպասելիքներու հետ, սակայն դեռ ռազմավարական փոփոխութիւններու կարիք կայ, հաշուի առնելով որոշ բացասական ցուցանիշներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment