Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Օֆշորային Ընկերութիւնը կը Վերահսկէ Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական 17 Ընկերութիւն․ Յարուցուած է Քրէական Գործ

Օֆշորային Ընկերութիւնը կը Վերահսկէ Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական 17 Ընկերութիւն․ Յարուցուած է Քրէական Գործ

by MassisPost

Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի իրականացուցած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով Քննչական կոմիտէէն ներս քրէական գործ յարուցուած է:

Ըստ գործի նիւթերուն՝ հանքարդիւնաբերութեամբ եւ երկրաբանահետախուզական աշխատանքներով զբաղուող հայաստանեան 19 ընկերութիւններու բաժնետոմսերը տարբեր ժամանակներու ընթացքին ձեռք բերուած են մի քանի անձանց եւ կազմակերպութիւններու կողմէն ու վաճառուած Քայմանեան կղզիներուն մէջ գտնուող կազմակերպութիւններուն: Ընդ որում՝ 17 ընկերութեան բաժնետոմս վաճառուած է մէկ արտասահմանեան ընկերութեան:

«Մենք այստեղ ռիսքեր ենք տեսնում այն տեսանկիւնից, որ հնարաւոր է, որ փաստացի շուկայի հիմնական մասը կառավարուի մէկ ընկերութեան կողմից եւ այստեղ նաեւ մրցակցութեան սահմանափակում կարող է տեղի ունենալ», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի վերլուծութեան վարչութեան պետ Գնէլ Ալավերտեանը: – «Այդ իսկ պատճառով յանձնաժողովը կարծում է, որ այստեղ վերահսկողական գործիքներ են անհրաժեշտ, որպէսզի հնարաւորինս թոյլ չտրուի այդպիսի գործարքների իրականացումը եւ դրա հետեւանքով մրցակցութեան սահմանափակում տեղի չունենայ»:

Ե՛ւ Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան կոմիտէն, ե՛ւ Քննչական կոմիտէն առայժմ չեն հաղորդեր, թէ խօսքը որ ընկերութեան մասին է՝ պատճառաբանելով, թէ այն կը խոչընդոտէ քննութեան:

Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի (ՏՄՄՊՅ) ներկայացուցիչ Գնէլ Ալաւերտեանը աւելցուցած է՝ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններու շնորհիւ պէտք է պարզուի՝ ինչ ճանապարհներով մէկ ընկերութեան տիրապետութեան տակ յայտնուած է բազմաթիւ ընկերութիւններ. – «Ի դէպ, նշեմ, որ կան եւս 13 ընկերութիւններ, որոնք այս պահի դրութեամբ պատկանում են այդ միջնորդ ընկերութիւններին: Հնարաւոր է՝ այդ ընկերութիւնները նոյնպէս արժանանան նոյն ճակատագրին, այսինքն՝ դրանց սեփականատէրերը յայտնուեն մէկ ընկերութեան տիրապետութեան ներքոյ: Այնուհանդերձ նշեմ, որ բոլոր գործարքները իրականացուել են պետական բոլոր մարմիններում գրանցման միջոցով, այսինքն՝ դրանք օֆիցիալ գործարքներ են։ Եւ այս տեսանկիւնից մեզ մտահոգում է այդ օրինաչափութեան խնդիրը, միտումը, որ այս ընկերութիւնները ինչ-ինչ ճանապարհներով յայտնուում են մէկ ընկերութեան տիրապետութեան կամ կառավարման ներքոյ»:

Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» փոխանցած են՝ այս պահուն այլ մանրամասներ չեն կրնար հաղորդել, կը կատարուին մեծածաւալ աշխոյժ քննչական գործողութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment