Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ.Հ.Կ. Քսաններուն Կտակը Այսօր

Ս.Դ.Հ.Կ. Քսաններուն Կտակը Այսօր

by MassisPost

Այս Կիրակի, Յուլիս 15-ին, Փասատինայի «Կիրակոս» սրահէն ներս պիտի նշուի, 2015 թուականին Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացած Հնչակեան քսան գործիչներու նահատակութեան 103 ամեակը:

Կեանքի քայլարշաւներէն հասած ազդարարութիւններուն եւ ահազանգներուն հետ՝ պատմութիւնը որքան ստոյգ ինքզինք  կը յիշեցնէ, մտածել կու տայ եւ կ՛առաջադրէ իսկոյն գործի անցնիլ եւ յանձնառու ըլլալ:

Ազգին համար զոհուած հերոսները՝  մեր այս օրուան համար որքան խիզախ քայլեր ստանձնած են, մահը ոչինչ սեպելով եւ պատմութեան մէջ անջնջելի խօսք մը, պատուէր մը ձգելով, առողջ գաղափարախօսութեան մը լոզունգներուն համոզուելով:

Յատկապէս այս օրերուն, երբ մենք կը  յիշենք Ս.Դ.Հ.Կ.ի Քսան անմահները, անկարելի է չ՛անդրադառնալ՝  ի գին ազատութեան անոնց նահատակութեան,  նոր Հայաստանի մը տեսիլքին ու իրականութեան հաւատալով՝ կախաղաններու վրայէն  կեանքը եւ հայ ժողովուրդի ապագայի տեսիլքին:

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ցաւոտ բայց խրոխտ էջերէն ծնած՝ Հնչակեան Քսաններու կանչերը եւ պատուէրները տակաւին կը հնչեն մեր ականջներուն մէջ եւ մեր հոգիները առաւել եռանդով կը տոգորեն: Յատկապէս այս օրերուն, երբ մենք միասնաբար կը ջանանք ձերբազատուիլ չարէն, չարիքէն ու կեղծիքէն:

Հնչակեան Քսաններու երէկուան հերոսութիւնը մեր այսօրուայ  իրականութեան հայելին է  եւ  բացայայտումը:  Պատմութեան դառնութեան,  բայց միաժամանակ ուսուցանող ըլլալու իրականութիւնը:

«Քսան հազարներ» միշտ ալ պիտի հետեւին  մեր արդարութեան քայլերուն,  աւելի պայծառ ապագայի մը եւ ազատ Հայրենիքի մը երազով: Այսօրուայ իրականութիւնը՝ արդարացումն է այդ իտէալին:

Եւ ի վերջոյ, հզօր գաղափարախօսութեան մը հետեւորդները եւ հաւատացողները, որոնք անշեղօրէն կը գործեն հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար, տեղն ու տեղին իրենց ձայները բարձրացնելով, զգուշութեան հրաւիրելով,  ընդդիմանալով, այսօր այդ բոլորը կը յիշեն, կ՛ապրին եւ քսաններուն հետ միաձայն յանձնառու եւ խիզախ ըլլալու պարտաւորութեան կոչ կ՛ուղղեն, հաւատալով Նոր Հայրենիքի մը լուսաւոր ծնունդին:

ԼԵՆԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment