Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ծառուկեանի Անվտանգութեան Ծառայութեան Պետ Էտուարտ Բաբայեանը Կալանաւորուած է

Ծառուկեանի Անվտանգութեան Ծառայութեան Պետ Էտուարտ Բաբայեանը Կալանաւորուած է

by MassisPost

«Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի անվտանգութեան ծառայութեան պետ Էտուարտ Բաբայեանը կալանաւորուած է, անոր մեղադրանք առաջադրուած է Վիաչեսլաւ Յարութիւնովի առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու համար:

Էտուարտ Բաբայեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չէ ընդունած եւ կը պատրաստուի բողոքարկել կալանաւորման որոշումը, այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած է անոր շահերու պաշտպան Քրոմուէլ Գրիգորեանը: Ըստ փաստաբանին, կալանքի որոշումն ակնյայտ ապօրինի է, քանի որ քննիչը չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, որ Բաբայեանը ազատութեան մէջ մնալով կը խուսափի կամ կը խոչընդոտէ քննութիւնը․ – «Իմ պաշտպանեալը ինքնակամ է ներկայացել՝ կամաւոր: Անգամ ծանուցում չունենալով՝ ուղղակի տեղեկանալով, որ իրեն փնտռում են, գիշերուայ ժամը 4-ին գնացել ներկայացել է»:

Խորհրդարանի «Ծառուկեան» խմբակցութեան անդամ Նաիրա Զոհրապեանն երէկ չէ ցանկացած գնահատել տեղի ունեցող զարգացումները՝ յոյս յայտնելով, որ ամէն ինչ իրաւական տիրոյթի մէջ է․ – «Տուժողը յստակ ներկայացրել է իր խօսքը, որեւէ հարուած չի եղել Էտուարտ Բաբայեանի եւ որեւէ այլ անձի կողմից: Խնդրում եմ հիմք ընդունէք տուժողի յայտարարութիւնը»:

Ուշագրաւ է, որ ի տարբերութիւն երեք օր առաջ Ոստիկանութեան տարածած տեղեկատուութեան, Յատուկ քննչական ծառայութիւնն երէկ իր հաղորդագրութեան մէջ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէն տուժողին հարուածելու դրուագին մասին ոչինչ  նշած է:

Միջադէպի յաջորդ օրը տուժող Վիաչեսլաւ Յարութիւնովը Ծառուկեանի ընտանիքին պատկանող «Կեդրոն» հեռուստաընկերութեանն ըսած էր, որ ինքը լաւ յարաբերութիւններ ունի Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որեւէ բողոք չունի անոր դէմ՝ հաստատելով իր կնոջ կողմէն մամուլի մէջ տարածուած պնդումը, որ ինքը ոչ թէ ծեծուած է, այլ պարզապէս սայթաքած ու վար ինկած է: Այս վարկածի իրական ըլլալը կասկածի տակ դրած էր ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը

Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ) ալ «Ազատութեան» յայտնած էին, որ նոյնիսկ եթէ տուժողը բողոք չունի՝ գործն այդ հիմքով պիտի չկարճուի, քանի որ այն յարուցուած է առողջութեան ծանր վնաս հասցնելու յօդուածով:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան մէկ այլ պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանը կալանաւորուած Էտուարտ Բաբայեանին երէկ, որպէս դրական անձ գնահատած է․ – «Բաբայեան Էտուարտին գիտեմ որպէս զուսպ մարդ: Ընդհանրապէս՝ մարզիկները զուսպ են»:

Ոստիկանութիւնը նաեւ հաղորդած էր, որ ըստ ծեծուած տուժողի՝ միջադէպին ներկայ գտնուած էր նաեւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը, վերջինս, սակայն հերքած էր՝ պնդելով, որ ոչինչ տեսած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment