Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերջապէս Տեղէն Շարժեցաւ

Վերջապէս Տեղէն Շարժեցաւ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր խոստումներուն: Կոռուպցիայի դէմ պայքարի գծով իրաւապահ մարմիններու գործողութիւնները դադար չունին: Ամէն օր ի յայտ կու գան նոր բացայայտումներ, որոնք կը հաստատեն ժողովուրդի մօտ տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցած կասկածները եւ քիչ մըն ալ աւելին: Պետական պիւտճէ կը վերադարձուին  միլիոնաւոր տոլարներ, որոնք ապօրէն միջոցներով ու չարաշահումներով ձեռք ձգուած են   նախկին մեծ ու փոքր իշխանաւորներու կողմէ: Ցարդ արձանագրուած բացայայտումները միայն մակերեսն են եւ անկասկած շատ աւելին  ի յայտ պիտի գայ յաջորդող օրերուն եւ ամիսներուն:

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խոստումներէն մին կը հանդիսանար 2008 թուականի  Մարտի 1-ին ժողովուրդի դէմ գործադրուած   բռնի միջոցներու  հետեւանքով տասը անմեղ քաղաքացիներու սպանութեան բացայայտումը: Տասը տարի շարունակ այս հարցի ուղղութեամբ ոչ մէկ տեղաշարժ արձանագրուելէ ետք, քննչական մարմինները  ձերբակալման առաջին որոշումը կայացուցին այդ ժամանակուայ պաշտպանութեան նախարար զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ՝ բանակը ներքին քաղաքականութեան մէջ միջամուխ դարձնելու մեղադրանքով:

Յեղափոխութենէն կարճ ժամանակ առաջ, ընդդիմադիր պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ Ազգային Ժողովէն ներս Մարտ 1-ի սպանդին շուրջ տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին, նախկին գլխաւոր դատախազին հարց տրուեցաւ, թէ արդեօ՞ք հարցաքննուած էր Ռոբերդ Քոչարեանը: Ոչ աւելի ոչ պակաս ան  պատասխանեց՝ «հարցաքննել ի՞նչ ըսելու համար»:

Շնորհիւ յեղափոխութեան յաղթանակին,  Ռոբերդ Քոչարեան վերջապէս  կանչուած է հարցաքննութեան, պատասխանելու համար մէկ յստակ հարցումի.  Ո՞վ հրաման տուաւ պաշտպանութեան նախարարին  բանակը մտցնելու մայրաքաղաք եւ ապա կրակելու խաղաղ անցորդներու վրայ: Այստեղ բարդութիւններ չկան: Կամ այն է որ, պաշտպանութեան նախարարը գործած է ինքնագլուխ, որուն համար պէտք է պատասխանատուութեան  ենթարկուի, եւ կամ՝ գործած է  Ռոբերդ Քոչարեանի հրամանով:

Բոլորը հաւատացած էին, որ «Մարտի 1-ի» բացայայտումը կրնայ միայն ու միայն իրականանալ իշխանափոխութենէն ետք: Այսօր,  տասնամեայ քողարկումէ ետք, «Մարտի 1»-ի գործը սկսած է շարժիլ իր տեղէն:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment