Մենք անժամկէտ պիտի մնանք այստեղ, մինչեւ Գարեգին Բ-ն հրաժարական տայ, եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տանի անոր, որովհետեւ ան ազգային արժէք վաճառած է: Այս մասին երէկ՝ Յուլիս 6-ին, յայտարարած են Մայր Աթոռի դիւանատուն ներխուժած «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնք պահանջած են իրենց ցոյց տալ գանձատան մէջ պահուող սուրբ մասունքները, մասնաւորապէս, եզակի մասունք համարուող Սուրբ Գեղարդը: Ցուցարարնեու համոզմամբ, այն վաճառուած է:
Նախաձեռնութեան անդամներէն Կարէն Պետրոսեանը յայտարարած է, որ հոգեւորականներն իրենց հայհոյած են, քաշքշած ու հարուածած, եւ որ ինքը պիտի դիմէ իրաւապահներուն:
Դիւանապետ Արշակ Սրբազանն ալ ըսած է, որ մասունքները չեն վաճառուած, այլ մէկ մասը նուիրուած է ռուս քաղաքապետին: Անոր խօսքով, եկեղեցիներու միջեւ նման սովորութիւն կայ:
Նշենք, որ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւնն արդէն մի քանի շաբաթ է ցոյցեր կը կազմակերպէ եւ կը պահանջէ Գարեգին Բ կաթողիկոսի հրաժարականը: