Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արժանապատուութեան Իսպառ Բացակայութիւն.- Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Աշխատանքի Գացած է

Արժանապատուութեան Իսպառ Բացակայութիւն.- Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Աշխատանքի Գացած է

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը աշխատանքի գացած է:Այս մասին ըսած է հիմնադրամի մամլոյ խօսնակ Անուշ Մարտիրոսեանը:

Արա Վարդանեանը ձերբակալուած էր 2 Յուլիսին, իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէն լիազօրութիւնները չարաշահելու կասկածանքով: 5 Յուլիսին  հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանի նկատմամբ դատարանը կիրառած է 1 միլիոն դրամի չափով գրաւ, ան ազատ արձակուած է:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ ան 130 միլիոն դրամի խաղադրոյքներ կատարած է քազինոներու մէջ, հիմնադրամի միջոցներով: Անոր պաշտպանն ըսած է, որ այդ մէկը դեռ չի նշանակեր, որ քրէական յանցանք կատարուած է, առաւել եւս, որ ան փողերը վերադարձուցած է:

Խնդրի իրաւական կողմը պիտի պարզուի իրաւական գործընթացի միջոցաւ: Տուեալ պարագային, սակայն, արժէ ուշադրութիւն դարձնել խնդրի բարոյական կողմին: Արա Վարդանեանը, որ խոստովանած է քազինոներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելը, գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է ու հանգիստ խղճով աշխատանքի գացած է, կը պատրաստուի այցեր կատարելու եւ ծանօթանալու կատարուող ծրագիրներուն:

Աւելորդ է նշել, որ քիչ թէ շատ քաղաքացիական կեցուածք, արժանապատուութիւն ունեցող պաշտօնեան պարզապէս հրաժարական կու տար եւ ներողութիւն կը խնդրէր հայութենէն, հիմնադրամի նուիրատուներէն, այդպիսով թէ բարոյապէս «մաքրուելով» անձնապէս, թէ հիմնադրամը հեռու պահելով բացասական մթնոլորտէն:

Բայց Արա Վարդանեանը նախորդ համակարգի ներկայացուցիչ է, որուն բարոյական կողմնորոշիչը գողական յովազներ են: Այստեղ արժանապատուութիւնը, ներողութիւն խնդրելն ընդունուած չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment