Home Uncategorized Ամուլսարի Խնդրով Շահագրգիռ Կողմերը Համաձայնութեան Չեկան

Ամուլսարի Խնդրով Շահագրգիռ Կողմերը Համաձայնութեան Չեկան

by MassisPost

Ջերմուկի մէջ աւարտած է Ամուլսարի ոսկիի արդիւնահանման իրաւունք ստացած «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան ներկայացուցիչներու, բնապահպաններու ու ջերմուկցիներու հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Վարչապետն առաջարկած է կառավարութեան ժամանակ տրամադրել Ամուլսարի հանքի վերաբերեալ ստուգումներ իրականացնելու համար, ցուցարարներն ալ պնդած են, որ այդ ընթացքին հանքը պէտք չէ շահագործուի։ «Լիդիան» ընկերութեան ներկայացուցիչներն այս տարբերակն անընդունելի համարած են։

Կողմերը համաձայնութեան չեն եկած։ Ցուցարարները յայտարարած են, որ պիտի շարունակեն բողոքի ցոյցերը եւ մտադիր չեն բանալ հանք տանող ճանապարհները։

Նշենք, որ Ջերմուկ քաղաքի, ինչպէս նաեւ յարակից գիւղերու խումբ մը բնակիչներ ու բնապահպաններ արդէն 10 օր է փակ  կը պահեն Ամուլսարի հանքավայր տանող ճանապարհները՝ պահանջելով դադրեցնել հանքի մէջ աշխատանքները:

Կ’ակնկալուէր, որ այս տարի պէտք է մեկնարկէր Ամուլսարի ոսկիի արդիւնահանման ծրագիրը: Բնապահպան աքթիւիստները կը պնդեն, որ ծրագիրն աղէտալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջակայքի ջրային միջոցներուն վրայ: Աւելի վաղ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Հաուըրտ Սթիւնսընն ասած էր, որ 6 միլիոն տոլար ծախսած են բնապահպանական եւ ընկերութեան ազդեցութեան գնահատման ուսումնասիրութիւններուն վրայ, օգտուած են աշխարհի լաւագոյն խորհրդատուական ընկերութիւններէն եւ վստահեցուցած էր, որ պիտի կիրառեն այնպիսի միջոցներ, որոնց շնորհիւ շրջակայքի ջուրերը չեն աղտոտիր:

Նշենք, որ վարչապետ  Կապանի մէջ անդրադառնալով բնապահպանական խնդիրներուն, ըսած էր, որ իր իշխանութեան օրօք հանքերը պիտի շահագործուին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի տառին համապատասխան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment