Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձերբակալուած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Արա Վարդանեանը

Ձերբակալուած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Արա Վարդանեանը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մօտ ստացուած տուեալներու հիման վրայ 2 յուլիսին իւրացումներ կատարելու, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան ծառայողի կողմէն լիազօրութիւնները չարաշահելու կասկածանքով բերման ենթարկուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Փաստական հանգամանքներու ճնշման ներքոյ Վարդանեանը խոստովանած է, որ տնօրինելով հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գիծով դրամատնային քարտը՝ անոր միջոցներն օգտագործած է անձնական նպատակներով, այդ շարքին անոնք ուղղելով տարբեր առցանց խաղատներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելուն:

Ըստ իր խօսքերուն, վարկային քարտէն վատնած միջոցները Վարդանեանը ետ վերադարձուցած է հիմնադրամին հանգանակուած գումարներու հաշիւին: Այնուհետեւ անձնական միջոցները կանխիկ մուտքագրած է հիմնադրամի հաշուապահութիւն՝ այդպիսով թաքցնելով հիմնադրամի գումարներու վատնման հանգամանքը:

Միայն վերջին շաբաթուան ընթացքին Վարդանեանը հիմնադրամի դրամատնային քարտէն մօտ 14 միլիոն ՀՀ դրամ փոխանցած է առցանց խաղատուներուն, իսկ 2016–էն 2018 թուականներն ինկած ժամանակահատուածին այդ գումարը կազմած է շուրջ 130 000 000 միլիոն ՀՀ դրամ:

Այժմ  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամէն ներս կը կատարուին ստուգումներ՝ հնարաւոր չարաշահումներն ու իւրացումները բացայայտելու, ինչպէս նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսման օրինականութիւնը ճշդելու ուղղութեամբ:

Արա Վարդանեանը ձերբակալուած է: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment