Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Պաշտպանութեան Նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան Մարտի 1-ի Արիւնալի Իրադարձութիւններու Գործով Մեղադրեալ

Նախկին Պաշտպանութեան Նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան Մարտի 1-ի Արիւնալի Իրադարձութիւններու Գործով Մեղադրեալ

by MassisPost

2008 Մարտ 1-2 ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործով նախաքննութիւնը կատարող քննչական խումբի ղեկավարին կողմէ 3 Յուլիս 2018-ին քրէական գործ յարուցուած է 23 Փետրուար 2008-էն մինչեւ նոյն թուականի 2 Մարտ ինկած ժամանակահատուածին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելու դէպքին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՔԾ լրատուական ծառայութենէն:

Քրէական գործը միացուած է 2008 Մարտ 1-ին եւ 2-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քննուող քրէական գործին:

Նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ՝ 3 Յուլիս 2018-ին, որոշում կայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու մասին այն բանի համար, որ ան, այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ, տապալած է սահմանադրական կարգը:

Army-Tank-Yerevan

Այսպէս, պարզուած է, որ 19 Փետրուար 2008-ին իրականացած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նախապատրաստման եւ իրականացման ընթացքին տեղի ունեցած են այնպիսի ընտրախախտումներ, որոնք, ըստ հասարակութեան լայն շերտերու, խախտած են այդ ժամանակ գործող ՀՀ Սահմանադրութեան 4-րդ յօդուածին մէջ ամրագրուած` ընտրական իրաւունքի հիմնական սկզբունքները, որուն իբրեւ արդիւնք ժողովուրդը զրկուած է ազատ ընտրութիւններու միջոցով իր իշխանութիւն իրականացնելու հնարաւորութենէն:

Ընտրութիւններուն ընթացքին կատարուած մեծածաւալ խախտումները, որոնք հասարակական կազմակերպութիւններու, տարբեր իրաւապաշտպան կառոյցներու եւ քաղաքացիներու կողմէ վերագրուած են Հանրապետութեան գործող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ գործող վարչապետ՝ նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներուն, յառաջացուցած են հանրութեան մեծ մասի զայրոյթը եւ 20 Փետրուար 2008-էն սկսեալ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած են նախագահի միւս թեկնածուներուն սատարող բազմահազար քաղաքացիներու զանգուածային հրապարակային խաղաղ քայլեր, երթեր, շուրջօրեայ հանրահաւաքներ, ինչը լուրջ անհանգստութիւն պատճառած է գործող իշխանութիւններուն: Երբ հաւաքներու թուացեալ ոչ իրաւաչափ ըլլալու մասին ոստիկանութեան յայտարարութիւններով եւ կոչերով հնարաւոր չէ եղած խոչընդոտել շուրջօրեայ խաղաղ հաւաքներու իրականացումը՝ գործող իշխանութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատար անձեր, ներառեալ՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը, իրականացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը բռնութեամբ տապալելուն ուղղուած գործողութիւններ, որոնք արտայայտուած են Սահմանադրութեան 1-5-րդ յօդուածներով եւ 6-րդ յօդուածի առաջին մասով նախատեսուած չափանիշները փաստացի վերացնելով, այդ ժամանակահատուածին իրաւական համակարգին մէջ անոնց գործողութեան դադրեցումով:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը եւ միւս պաշտօնատար անձերը ՀՀ Սահմանադրութեան խախտումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փաստացի հաստատած են ռազմական դրութիւն, զինուած ուժերը օգտագործած են քաղաքական հարցերու մէջ, խաղաղ հանրահաւաքներու մասնակից քաղաքացիներու դէմ:

Մեղադրեալ Մ.Յարութիւնեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում, անոր նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց կալանաւորումը կիրառելու վերաբերեալ միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment