Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չարաշահումներ «Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութեան» Մէջ

Չարաշահումներ «Հայաստանի Հանրային Հեռուստաընկերութեան» Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան կողմէն զանգուածային լրատուական միջոցներուն մէջ տեղ գտած հրապարակումներու կապակցութեամբ պետական շահերու պաշտպանութեան հայց յարուցելու լիազօրութիւններու շրջածիրէն ներս կատարուած ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ 2017-ի Ֆինանսներու նախարարութեան ֆինանսապիւտճէթային վերահսկողութեան տեսչութիւնը «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան» մէջ կատարած է պետական պիւտճէէն, հանրապետական նպատակային յատուկ ֆոնտերէն եւ պետական այլ աղբիւրներէն յատկացուած միջոցներու ծախսման նպատակայնութեան եւ հիմնաւորուածութեան, գնումներու գործընթացի օրինականութեան ստուգում:

Ըստ դատախազութեան, ստուգման արդիւնքներու եւ անոր առնչուող պահանջուած փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեամբ պարզուած է, որ ընկերութիւնը դրամաշնորհային պայմանագիրներով պետական պիւտճէէն յատկացուած միջոցներու հաշւոյն 2015-2016 թուականներուն տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անհատ ձեռնարկատէրերու հետ կնքած է ընդհանուր առմամբ շուրջ 2 միլիառ 400 միլիոն դրամի պայմանագիրներ՝ հեռուստահաղորդումներու, ֆիլմերու, հաղորդաշարերու ձեռքբերման եւ այդ հաղորդումներու պատրաստման համար թեխնիքական միջոցներու վարձակալման համար:

Գլխաւոր դատախազութիւնը նշած է, որ հեռուստաարտադրութեան եւ թեխնիքական միջոցներու վարձակալութեան պայմանագիրները կնքուած են հակառակ անոր, որ ընկերութիւնն ունեցած է արտատաղավարային նկարահանումներու եւ լուսային ապահովման բաժիններ՝ համալրուած 50-է աւելի մասնագէտներով եւ հարիւրաւոր միաւորներ տարբեր անուանումներու հեռուստաարտադրութեան թեխնիկական անհրաժեշտ միջոցներով:

Ըստ դատախազութեան, այսպիսով, ուսումնասիրութեամբ արդէն իսկ պարզուած է, որ «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան»  կողմէն պետութեան պիւտճէթային միջոցներով 2015-2016 թուականներուն իրականացուած շուրջ 168.5 միլիոն դրամի ծախսերը կատարուած են իրականութեան չհամապատասխանող կամ կեղծ նախահաշուային փաստաթուղթեր կազմելով եւ օգտագործելով, ուռճացուած, անհիմն ծախսեր հաշուարկելով եւ վճարելով:

Նկատի ունենալով, որ արձանագրուած խախտումներն առերեւոյթ կը պարունակեն յանցագործութեան յատկանիշներ  յարուցուած է քրէական գործ, որու նախաքննութեան կատարումը յանձնարարուած է Քննչական կոմիտէին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment