Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները ֆրանսական նոր ներդրումներ կը բերեն Հայաստան: Այս մասին, Յունիս 20-ին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի նախագահ Ժաք Մարիլոսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը նշած է, որ հայ-ֆրանսական առանձնայատուկ յարաբերութիւններու մէջ իր մեծ դերը ունի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ այսուհետ եւս միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու միջեւ երկկողմ համագործակցութիւնը կը շարունակէ խորանալ:
Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ մեր երկիրը անցում կը կատարէ խորհրդարանական կառավարման համակարգի ու այդ բնաբանի մէջ կարեւորած է միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդումը: Կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Ֆրանսայի խորհրդարանի դերը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ եւ աւելցուցած, որ այն կը նպաստ է նաեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգելման ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Ժաք Մարիլոսեան ուրախութեամբ նշած է, որ Հայաստանի մէջ գտնուելու արդէն առաջին իսկ օրը զգացած են մեր երկրի մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւններու շունչը, ինչպէս նաեւ՝ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ: Ըստ անոր, այդ մասին վկայած են նաեւ ՀՀ-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Ֆրանսացի խորհրդարանականները տեղեկացուցած են, որ ֆրանսական տարբեր ընկերութիւններ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացմամբ՝ հաշուի առնելով նաեւ մեր երկրի միջոցով ԵԱՏՄ եւ իրանական շուկաներ մուտք գործելու հնարաւորութիւնները:
Զրուցակիցները քննարկած են տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ֆրանսական պատուիրակութեան անդամներու խնդրանքով վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարի, հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած քայլերուն:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ վարչապետը ընդգծած է, որ այն պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ շեշտած համապատասխան մթնոլորտի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: