Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չո Լա Աունը «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր

Չո Լա Աունը «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր

by MassisPost

«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակի երրորդ դափնեկիրը Միանմայի մէջ Ռոհինկա ժողովուրդի իրաւունքներու համար պայքարող իրաւաբան եւ աշխոյժ գործիչ Չո Լա Աունն է։ Դափնեկիրի անունը յայտարարուած է 10 յունիսի լուսաբացին՝ Խոր Վիրապի վանքին հարակից տարածքին մէջ:

115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածուներէն այս տարուայ Աւրորայի դափնեկիր ընտրուած Չո Լա Աունը տասնամեակներ շարունակ իրաւապաշտպան գործունէութիւն ծաւալած է քաղաքացիութենէն զրկուած իր Ռոհինկա ժողովուրդի իրաւունքներու համար։ Միանմայի կառավարութեան կողմէ հետապնդուող հարիւր հազարաւոր իսլամ փախստականներու եւ կրթութենէն զրկուած երեխաներու իրաւունքներու համար պայքարելով՝ Չո Լա Աունը կեանքի 12 տարին անցուցած է բանտարկութեան մէջ։ 1 միլիոն տոլար մրցանակը իրաւապաշտպանը պիտի ուղղէ մարդասիրութեամբ զբաղուող երեք կազմակերպութիւններու՝ անոնցմէ բացի ստանալով 100 հազար տոլարի պարգեւ։

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ, գործարարներ Նուպար Աֆէեանն ու Ռուբէն Վարդանեան «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան ըսին, որ նախորդ երկու տարիներու համեմատութեամբ 2018-ին մրցանակաբաշխութեան ձեւաչափի փոփոխումը խորհրդանշական բնոյթ ունի։

«Աւրորայի» համահիմնադիր ռուսաստանաբնակ գործարար Ռուբէն Վարդանեան ընդգծած է, որ ամէն տարի դափնեկիրները կ’ընտրուին ոչ թէ իրենց անձնական որոշմամբ, այլ անկախ ընտրող յանձնաժողովի կողմէ.- «Մեզ համար ինչ որ կապ կայ եւ ցեղասպանութիւնը Միանմարում ինչ  որ ձեւով նման է… իրենք երեք միլիոն ազգութիւն էին ու հիմա մնացել է մի քանի հարիւր հազար մարդ, եւ ոչ մէկը չգիտի՝ իրենք ուր են կորել։ Եւ ինձ թւում է, ինչ որ սիմպոլիկ (խորհրդանշական) բան կար, բայց դա, իսկապէս, մեր որոշումը չի»։

«Աւրորայի» դափնեկիր՝ Չո Լա Աունն ընդգծած է՝ «Աւրորայի» շնորհիւ Ռոհինկա ժողովուրդի թշուառ կացութիւնը օրեցօր աւելի նկատելի կը դառնայ միջազգային հանրութեան. – «Ես շատ հպարտ եմ այս մրցանակի համար։ Մենք կ’ապրինք շատ վտանգաւոր երկրի մէջ, եւ այս մրցանակը իմ անձս կը պաշտպանէ նման վտանգներէ»։

«Աւրորա» 3-րդ մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու համար Հայաստան են նաեւ նախորդ տարիներու դափնեկիրներ Մարգարիտ Փարանկիցէ ու բժիշկ Թոմ Քաթինան։ Հայաստան ժամանած են նաեւ Նոպելեան մրցանակակիրներ, բարձրաստիճան դիւանագէտներ ու մարդասիրական աշխատանքով յայտնի այլ անձինք։

2018 թուականի «Աւրորա» մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է 10 յունիսի երեկոյեան Օպերայի եւ պալէթի թատրոնի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment