Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Երեւանը հերքած է Նախիջեւանի հատուածի մէջ տարածքներ գրաւելու ատրպէյճանական կողմի պնդումները

Պաշտօնական Երեւանը հերքած է Նախիջեւանի հատուածի մէջ տարածքներ գրաւելու ատրպէյճանական կողմի պնդումները

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը սադրանք որակած է Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի պայմաններու խախտման հետեւանքով Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողի սպանութիւնը, շեշտելով՝ «Ատրպէյճանի նմանօրինակ գործողութիւնները չեն նպաստեր բանակցութիւններու համար անհրաժեշտ խաղաղ մթնոլորտի ձեւաւորման»։

Յիշեցնենք՝ ըստ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան, 10 Յունիսին ատրպէյճանական կողմի արձակած կրակոցէն մահացած է 26-ամեայ պայմանագրային զինծառայող Վահագն Էլոյեան:

«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահների Հայաստան այցելութեան նախօրէին կատարուած այդ քայլը գնահատում ենք որպէս Պաքուի հերթական սադրանք՝ ուղղուած տարածաշրջանում իրավիճակի սրմանը եւ լարուածութեան նուազեցման շուրջ պայմանաւորուածութիւնների տապալմանը»,- նշած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Պալայեան՝ ընդգծելով, որ այս միջադէպը եւս մէկ անգամ կ’ընդգծէ հետաքննութեան մեխանիզմի ներդրման վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման կարեւորութիւնը։

Պաշտօնական Երեւանը ընդգծած է՝ Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին առաջընթացի բանալին խաղաղ բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումն է։

«Ատրպէյճանական կողմի նմանօրինակ գործողութիւնները, ըստ էութեան, հակադիր նպատակ կը հետապնդեն», – ըսած է Պալայեան՝ շարունակելով, որ այս «սադրանքի պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կրում է ատրպէյճանական կողմը»։

Հայ զինուորի սպանութենէն մէկ օր առաջ հայկական կողմը հանդէս եկած էր մարդասիրական քայլով՝ թոյլ տալով Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն Նախիջեւանի հատուածին մէջ այցելել գերեզմանատուներ։

azeri-cemetry-4

Ինչպէս տեղեկացուցած էր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան, ատրպէյճանական կողմը դիմած է Հայաստանի զինուած ուժերու հրամանատարութեան՝ խնդրելով թոյլատրել որոշ քաղաքացիներու մօտենալ Կիւննութ աւերակ բնակավայրի հարաւային արուարձանի գերեզմանատեղիներ։

Ըստ խօսնակի, նման խնդրանք այդ հատուածի մէջ Ատրպէյճանական կողմը յայտնած է առաջին անգամ։ Մինչդեռ նկատենք, ատրպէյճանական կողմը պնդած է, թէ Նախիջեւանի ուղղութեամբ տարածքներ գրաւել է եւ ոչ թէ մարդասիրական քայլի շրջանակներու մէջ գերեզմաններ այցելել:

Արծրուն Յովհաննիսեան մինչդեռ վստահեցուցած է՝ ատրպէյճանական կողմի պնդումները իրականութեան չեն համապատասխանիր։ Ճշգրիտ ազատագրելու հողեր, գիւղեր, տարածքներու մասով, չակերտաւոր ազատագրելու մասին, կրնամ ըսել, որ միայն վերջին հինգ-վեց տարուան քարոզարշաւներու թիւերը իրար գումարած իրենք ամբողջ Անդրկովկասը ազատագրած են։

Իսկ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի զինուած ուժերը որոշած են բաւարարել գերեզման այցելելու ատրպէյճանական կողմի խնդրանքը, Յովհաննիսեան ըսած է, որ այդ քայլը արդարացուած է եւ այն պայմանաւորուած է հայկական կողմի մարդկային յատկանիշներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment