Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալեքսանդր Լապշին Այցելած է Ուրուկուայի Հնչակեան Կեդրոն

Ալեքսանդր Լապշին Այցելած է Ուրուկուայի Հնչակեան Կեդրոն

by MassisPost

Արցախ այցելելու պատճառաւ Ատրպէյճանի կողմէ եօթ ամիս բանտարկուած, անկախ պլոկըր (առցանց լրագրող) Ալեքսանդր Լապշինը այցելած է Հարաւային Ամերիկայի  շարք մը երկիրներ:

Ուրուկուայի մէջ ան հանդիպումներ ունեցած է  օրէնսդիրներու, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Յունիս 1-ին Ալեքսանդր Լապշին   այցելած է  Մոնթեւիտէոյի Հնչակեան կեդրոնը արժանանալով ջերմ ընդունելութեան:

lapshin-SDHP-Uruguay-2

ՍԴՀԿ ատենապետ Ընկեր Տանիէլ Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք հիւրին, համառօտ ներկայացուցած է Հնչակեան Կուսակցութեան գործունէութիւնը   աշխարհին տարածքին:

Ալեքսանդր Լապշին   պատմած է այն անմարդկային պայմաններու մասին, որ Ալիեւի Վարչակազմը սահմանած էր իր դէմ ու համոզմունք յայտնած  է թէ,  միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ բացուած դատերը ինք պիտի շահի:  Հնչակեան ներկայացուցիչները բազմաթիւ հարցումներ ուղղած են հիւրին եւ զօրակցութիւն յայտնած են Ալեքսանդր Լապշինին շեշտելով որ, իր պատմութիւնը կը փաստէ որ Ատրպէյճանի խնդիրը միայն հայութեան հետ չէ, այլª ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment