Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ իր Ծրագրին եւ Ուղարկեց Ազգայի Ժողով

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ իր Ծրագրին եւ Ուղարկեց Ազգայի Ժողով

by MassisPost

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջի, կառավարութեան գործունէութեան առանցքային նպատակը 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքներու ամրագրումն է՝ որպէս հանրային եւ ազգային յարաբերութիւններու հիմք եւ յեղափոխութեան գաղափարներու իրագործումը` որպէս մշտական քաղաքական իրողութիւն:

Կառավարութիւնը նաեւ նշած է, որ իր գործունէութեան հիմնարար ուղենիշերն են իշխանութեան ձեւաւորումը բացառապէս ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման միջոցով, իրաւունքի գերակայութեան եւ օրէնքի առջեւ բոլոր հաւասարութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութիւնը եւ քաղաքացիական համերաշխութիւնը, Հայաստանի արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան ապահովումը, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը, փտածութեան հանրային մերժումը եւ փտածութենէն զերծ հանրութիւնը, քաղաքականութեան եւ առեւտուրի գործնական տարանջատումը եւ այլն։

Կառավարութեան ծրագրի համաձայն՝ անհրաժեշտ է, մասնաւորապէս, հրաժարիլ սակագրային ընտրական համակարգէն եւ անցնիլ լիարժէք համամասնական համակարգի, ձեւաւորել նոր՝ իրական պատկերը արտացոլող ընտրական ցուցակներ, որոնք յետագային կը թարմացուին ինքնաշխատ եղանակով եւ այլն: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուայ ընթացքին։

Գործադիրի որոշմամբ առաջարկուած է Ազգային ժողովի նախագահին 7 յունիսի ժամը 11:00-ին գումարել Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: Օրակարգի մէջ ընդգրկուած է նաեւ Կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն տալու հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment